րէից համար մի վանական հաստատուն խորհուրդ որ կարենար կարգ դնել եւ ուղղութիւն տալ։
Շողունք այս բաներ իւր տեղը. լաւ հասկացար Թոռնիկ, մեր գիւղացւոց սկզբունք. որ միշտ իւր վարուցան տարածել կուզէ, շատ վնասակար է, եւ չգիտէ եւ չուզեր ամփոփել, որ հետեւապէս ձեռնհաս լինի իւր հողերը լաւ մշակելու, փոխանակ տաժանելի աշխատութեամբ տասն արտ մշակելու՝ լաւագոյն եւ օգտակար չէ՞ հինգ արտ միայն մշակել եւ բարւոք մշակել, այնպէս որ հինգ արտի արդիւնք հաւասարի տասն արտին, որով թէ աշխատութիւն եւ թէ ծախս մեծապէս կը չափաւորի։
Չասես դու, Թոռնիկ, թէ Պապիկ՝ հակասութիւն կանէ, վասըն զի երբ տասն արտի աշխատութիւն պիտի բարդուի հինգ արտին վերայ, թէ կրկնավար անելով արտեր, թէ աղբ տալով էլ ուրիշ այլ եւ այլ աշխատութեամբ. ուրեմն նոյն կը լինի աշխատութիւն։ Ո՛չ. այդպէս չէ, այլ մեծ զանազանութիւն կայ, մշակութեան տարածման եւ ամփոփման աշխատութեան կերպերուն ժտմանակի տեւողութեան մէջ եւ մանաւանդ դիւրութեան եղանակին մէջ, հարկ չէ որ մանրամասն բացատրեմ քեզ, գործնական փորձերու մէջ պիտի տեսնաս ու սորվիս։
Հարցո՞ւր, Թոռնիկ, երբ հինգ արտ միայն բարւոք մշակելով բաւական համարինք, մնացեալ հինգ արտն անմշակ եւ ապարդի՞ւն մնայ։ Այդ մասին պիտի գրեմ իւր կարգին, այլ այժմ միայն այսչափ յիշեմ, միթէ գիւղացւոյն համար ցանելու բան կը պակսի՞, թող խոտ մշակէ, առւոյտ ցանէ, կորնկան ցանէ, վարսակ (իզաֆ) ցանէ, փաթաթէս ցանէ, շողգամ ցանէ, ճակընդեղ ցանէ, բակլայ ցանէ, ոսպ ցանէ, սոխ ցանէ, սեխ, վարունգ, ձմերուկ եւ այլ շատ բաներ որ բոլորն եւս մեր կեանքին պիտոյքներ են։ Ափսո՜ս, որ Վանայ գիւղացիք միայն ցորեն, գարի, տարեկան (կորեկ) սովորած են ցանել, եւ ուրիշ խիստ պիտանի բաներուն կարեւորութիւն չեն տար։
Աւարտելով հերկագործութեան դասը, այժմ պիտի խօսիմ սերմերու ընտրութեան մասին, որ շատ կարեւոր է լաւ երկրագործոն համար։