Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/56

Այս էջը սրբագրված է

է.

ՍԵՐՄԻ ԸՆՏՐՈԻԹԻԻՆ

ԵԻ ՍԵՐՄԱՆԱՑԱՆ

Լաւ ուշադրութիւն արա, Թոռնիկ, ես համառօտ կերպով նախ նկարագրեմ քեզ, թէ ի՞նչ են այդ փոքրահատիկ սերմեր, որոց մէջ թագուն մեծ զօրութիւններ կը պարունակուին. զոր Տէր Աստուած աշխարհիս ստեղծագործութեան ժամանակ հրաշապէս միանգամ պատրաստեր եւ գրեր է մայր երկրին արգանդին ծոցն, մարդ կը զարմանայ թէ ի՞նչպէս կը յղանան հատիկներ, կը ծլին հողէն դուրս կելլեն. կաճին օրըստօրէ եւ կը մեծնան ծառի չափ. ինչպէս Յիսուս իւր առակով կը խօսի մանանեխի հատիկի համար որ այնչափ կը մեծնայ, մինչեւ թռչուններ կը հանգչին նորա ոստերուն վերայ։

Կը տեսնա՞ս մեր բնակած բովանդակ երկրագունդ, Աստուծոյ արարչագործ ձեռքով ցանուած սերմերով լի է: Բոլոր անտառներ, բոլոր պտղատու ծառեր, ծաղիկներ խոտ եւ այլ զանազան բանջարեղէն բոյսեր, եւ ամէն բուսական բաներ, սերմի հատիկներէն յառաջացած են։ Այս տեղ դու փառք տուր Աստուծոյ, համբուրէ հոգւով Նորա նախախնամ ձեռք. որ այս երկիրն իբրեւ ժառանգութիւն եւ իբրեւ անսպառ դրամագլուխս տալով մարդոյն, ամենացեղ ազգի ազգի սերմերն եւս երկրին հետ պարգեւեց։ Եթէ առանց սերմի չոր եւ անբոյս երկիր տար միայն, ինչ կը լինէր մարդոյն վիճակը, նա այլ եւս չէր կարող ապրել, վասն զի մեր սնունդ եւ մեր կեանքն երկրի սերմնաբոյսերն են։

Չգիտենք, Թոռնիկ, թէ հանճարեղ մարդ, ո՞ր ժամ անակէն սկսեալ իւր սնունդին համար առաւել քան զամէն բորենի սերմն ընտրեց. զայն ցանեց քաղեց, բայց յետոյ իւր ջուրի մէջ խաշելով իբրեւ հատիկ կերաւ, բայց յետոյ իւր հնարամտութեամբ երկանով աղաց, ալիւր եղաւ, ալիւրէն խմոր շաղեց գնտիկ գնտիկ շինելով կրակին վերայ եփեց, պատուական հաց եղալ, եւ այսօր բովանդակ աշխարհի մեծ մասն հացով կապրի. եթէ պակասի հաց մարդ սովամահ կը լինի, թէպէտ կան այնպիսի երկիրներ եւ ժողովուրդ, որք հացով չեն ապրիր եւ զարմանալի է, եթէ հաց ուտեն կը վնասին. այլ հացին տեղ բրինձ կուտեն եւ