Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/59

Այս էջը սրբագրված է

Ատոք ցորեն կարմրահատ
Խընդրեմք ով Տէր. տուր մէկին տեղ
Երսուն վաթսուն եւ հարիւր
Որ տամ նախ ես իմ տէրութեան
Տասանորդի տուրքն արդար
Եւ ապա տամ պարտատիրոջ
Տոկոսիքներ ծանր ու ծանր,
Ապա գիւղի եկեղեցուն
Աղքատներուն էլ բաժին տանք
Եւ ինչ մընայ այն է միայն
Եմ ընտանեաց հաց եւ ճարակ
Եւ հիւրերուն որ գան ու գնան
Ուտեն տանեն ձրի հաց.
Այս է օրէնք մեր աշխարհին
Մեր նահապետ պապեր էն,
Շինականին դուռն է բաց
Հացն ու սեղան միշտ պատրաստ։

Կը տեսնա՞ս Թոռնիկ, թէ մեր աշխատութեան արդիւնքէն ո՞ր չափ բաժիններ կը լինին. բայց դու երբէք մի վհատիր որքան բաժիններ շատ լինին, այնքան առատ կուտայ Աստուած. զի երկրագործին վաստակ լիութեամբ օրհնուած է, չի սպառեր, միայն թէ երկրագործ ժողովուրդ տէրութեան պաշտպանութիւն եւ խնամք վայելելով՝ կարենայ հանգիստ եւ ապահով կերպով երկիր մշակել եւ արդիւնաւորել իւր անխոնջ աշխատութեամբ։ Եւ քաջ գիտէ Տէրութիւն թէ իւր գանձարանին մեծ աղբիւրը մշակ ժողովուրդի դաշտէն կը բղխի. որչափ Տէրութեան տարածեալ թեւոց տակ, բարւոք պաշտպանի այնչափ աւելի եւս կառատանայ գանձարանին աղբիւրը։

Չմոռնամ Թոռնիկ, քիչ մը եւս խօսիմ ցանելու ժամանակին եւ եղանակին վերայ։ Ցանքեր սովորաբար երկու եղանակին մէջ կը լինի, գարնան եւ աշնան այն է Ապրիլ եւ Սեպտեմբեր ամիսներ։ Մեր Վասպուրականի գաւձառ, ինչպէս նաեւ Բարձր Հայք, Ալաշկերտ և Մշոյ քանի մը բարձրադիր գաւառներ ընդհանրապէս գարուն անագան կուգայ, եւ երբեմն մինչեւ Մայիս կը ձգի, որով գարնանացան չի յաջողիր վասն զի անձրեւային եղանակներ կանցնին. երկրագործին համար մեծ բախտ է եթէ գարուն