Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/64

Այս էջը սրբագրված է

արեւելեան լեռներու շրջափակին մէջ մի ընդարձակ հովիտ կայ, որոյ շուրջ բիւրաւոր աղբիւրներ կան որ կը վազեն հովտին ծոցը եւ կը լճանան։ Էն ժամանակ Վանայ կողմեր մի բարի եւ ճարտար Քահանայ կը լինի որ իւր պաշտօնէն դուրս ժողովրդի արտերու ջուրն էլ կը մտածէ. ուստի հովտին վարի նեղ բերան մի քարուկիր թումբ շինելով, այդ լիճ պատրաստած է. սորա համար տեղացիք Քէշիշ Կէօլ կանուանեն։ Այս լճին ջուր այնքան առատ է որ Վանայ շրջապատի արտօրայքը կոռոգէ որ շատ ընդարձակ են, նմանապէս նորատունկ այգեստաններ, որոր արդիւնաշատ պտղաբերութիւն կը պարտին այդ քահանայի մեծագործութեան, որ իւր հոգեւորական տնտեսութեան հետ՝ հացի տնտեսութիւն եւս հոգացեր է, իւր անուն մեզ անյայտ է, բայց իւր արդիւնական յիշատակով կօրհնուի այսօր ժողովուրդէն։ Կան շատ ուրիշ գաւառներ որոց դաշտամէջէն կանցնին մեծ եւ փոքր գետեր առանց ափ մի ջուր տալու ինչպէս Մշոյ դաշտի Եփրատ եւ Մեղրագետ։ Այժմ կը տեսնուի Եփրատ գետի վերա կողմ մի մեծ ջրանցքի հետք, զոր ժամանակաւ բացած է կասեն մի հոգացող տիրապետ, որ Մշոյ դաշտի բաւական մի մեծ մասն ոռոգած է։ Ափսոս որ ժողովուրդ չունի հոգածութիւն պեղել ու բանալ այդ մեծ առուն եւ ջրել այնչափ անջրդի մնացեալ արտեր։ Դրախտի գետ կանցնի կերթայ միթէ ջուր կը խնայէ՞ իւր շուրջ բնակած բնիկ ժողովուրդին, ո՛չ, ժողովուրդ ծոյլ ու յոյլ է. ամէն բան ինքնապատրաստ կուզէ, ինչպէս երկընքէն անձրեւ կը տեղայ նոյնպէս պէտք է եւս գետերուն ջուր ինքնին վազէ եւ ջրէ իւր արտերը։ Հոգացող Աստուած շատ բան նախապատրաստած է մարդոյն համար, բայց փոքրիկ աշխատութեան բաժին մի եւս մեզ համար թողած է, որպէս զի կատարուի իւր տիրական անյեղլի վճիռն եւ մարդ իւր ճակատի քրտանց վաստակով իւր հաց ճարէ։

Դու գիտես, Թոռնիկ, ջուր մեծ կարեւորութիւն ունի գիւղական ժողովուրդին համար, եւ կը տեսնաս արտերը ջրելու ժամանակ որքա՞ն կագ եւ կռիւ կը հանեն, եւ մինչեւ անգամ արիւն ջուրին հետ կը խառնուի, սորա համար ես ուզեցի որ ազատ լինիմ այդ սոսկալի կռիւներէն, ես առանձին ինքնաշխատ, իմ ձեռքովս երկու փոքրիկ լճեր պատրաստեցի մեր արտերուն համար որ բաւական կը լինի։ Այժմ էն պատուէր կուտամ քեզ Թոռնիկ, միշտ աշխատես այդ լճակներու թումբեր հաստատ