Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/76

Այս էջը սրբագրված է

արդարեւ Մշեցի երկրագործ գերազանց է, թէեւ հողագործութեան ուրիշ մասերում շատ յաջողակ չէ։

Համառօտ կերպով աւարտելով արտօրէից հնձելու դասը, միտքս եկաւ այն բանը, զոր Տէր Աստուած Մովսէսին պատուիրած է, ճռաքաղ չառնել թէ այգին եւ թէ արար, զի փոքր ճիռեր եւ թափուած հասկեր՝ որբերուն եւ աղքատներու բաժինն են։ Ասաուծոյ այս գթութեան պատուէր ծերունի Պապիկ, Թոռնիկիդ կաւանդէ որ բարեսիրտ եւ գթասէր լինիս: Մեք այգի չունիմք, բայց արտեր ունիմք, հնձոց ժամանակ պէտք է թողումք որ գիւղի աղքատներ, այրիներ, որբեր գան ժողովեն թափուած հասկեր ու հայթայթեն իրենց կեանքի պարէն: Նոքա մեր գիւղի չքաւոր մասն են, վարուցան չունին, հապա ինչո՛վ պէտք է ապրին՝ պէտք է աշխատութեան բաժին տալ այնպիսիներուն, որ կարող են աշխատել եւ օրավարձք ստանալ, իսկ կան այնպիսիներ, որ ծեր ու պառաւ են կամ փոքրիկ տղէքներ են, ոչինչ աշխատութիւն չենք կարող պահանջել իրենցմէ իբրեւ փոխարինութիւն: Քրիստոս յատկապէս այսպիսեաց համար խօսած է. «Տոլք փոխ այնմ, ուստի ոչ ակն ունիցիք առնել»:


ԺԲ.

Կ Ա Լ

ԵԻ ԿԱԼԱՏԵՂ

Արտորայք հնձելու ժամանակ, երկրագործ մեծ փութաջանութիւն պէտք է ունենաք, մի կողմէն քաղուած ցորենի դէզերը սայլերով կրել ի կալատեղ: Այս աշխատութիւն շատ կը դիւրանայ, եթէ կանխապէս սայլի ճամբաներ հարթուած ու պատրաստուած լինին, յայտնի է ամէն գարնան ժամանակ յորդ անձրեւներէն եւ ջրավազ տեղերէն, ճամբաներու վերայ հեղեղատներ կը բացուին եւ մեծ արգելք կը լինին սայլերու ընթացքին: Նկատէ ու տես Թոռնիկ, թէ ո՞րչափ անհոգ է գիւղական ժողովուրդ, զի երբ այդ բնական ճամբաներ կր խանգարուին, նա կը մտածէ