Բայց միշտ լաւագոյն պէտք է համարենք շտեմարան, որ որչափ ուզենք կարող ենք ընդարձակ շինել, որպէս զի ամէն տեսակ հնդեղինաց որոշ որոշ անջրպետներ ունենալ իւր մէջ։ Ցորեն՝ ժամանակին խառնել դարձնել պէտք է որ օդ առնելով չի տաքնայ եւ ոջլոտի։
Ա՜հ, Թոռնիկ, հոգիս կը հառաչէ, միթէ պարտապան գիւղացի երկրագործին շտեմարան պէ՞տք է։ Ահա մեր բարեկամ Կիրակոս աղբօր կալ, կը չափեն, տե՛ս քսան քիլանոց մի ցորենի շեղջ է. վաշխառու քաղքցիք եկեր պատրաստուեր են, չափեցին շեղջը քսան քիլա եղաւ։ Նախ Տէրութեան տասանորդին տուրք տրուեցաւ, վաշխառուներ ամէն մէկ իրենց տոկոսներու հաշւով չափեցին առին, ի՞նչ մնաց, միայն կալատակն, նորա վերայ եւս աղքատներ թափեցան կալէմասն առին սրբեցին կալատեղ։ Դու տես այժմ Կիրակոսին խեղճ վիճակը, նա տխուր երես կախած, առաւ կալին ցախաւել, թիակ, հեծանոց եւ այլն, գնաց տուն, տանտիկին հարցուց, ծօ մա՜րդ, այդ ահագին կալէն մեզ բաժին չը մնա՞ց, ի՞նչ պիտի ուտեն մեր ճժեր ու պժեր։ Տանուտէր պատասխանեց, տարեկան, տարեկան, (հաճար) գարին արդէն գնացող եկող հիւրերուն հազիւ բաւէ։ Տանտիկին ձեռքեր կցեց ու լացաւ, ա՜հ, Աստուած, դու տեսար, բարկ թոնրին դիմաց տարին բոլոր հաց թխեցի, կերակուր եփեցի, մշակներ հոգացի, ի՞նչ դատաստան է այս Տէ՜ր, ես ու իմ ճժերս կարօ՞տ պիտի մնամք ցորեն հացին: է՜, տանտիկին դու չգիտե՞ս, ցորեն քաղքցոց, գէր գէր մսացուներ դարձեալ քաղքցոց, իսկ գեղացւոյն բաժինն է, տարեկան, կորեկ, եւ թանապուր։ Այս եւս բաւական է դու փառք տուր Աստուծոյ, կնիկ, մեզմէ աւելի զրկեալներ կան, զի Մշոյ գիւղացին կլկլով միայն կապրի, որ տարեկանէն եւ կորեկէն շատ չնչին է։
Դու հարցո՛ւր, Թոռնիկ, այս անխիղճ եւ անիրալ վաշխառուներու ձեռքէն մեր գիւղացի ժողովուրդն ե՞րբ պիտի ազատուի, որ թող կալին, մեր արտերն եւս կը գրաւեն, որ մեր կեանքն ու ապաւէն է, եւ մեր Արևակ գիւղի գիւղացւոց սեպհական հողեր գրեթէ բաւական մասն գրաւած են։ Այս բան երկրագործ ժողովուրդին մի սպանման խնդիր է։ Եւ սորա միակ ճարն ու դարման հոգացող տէրութեան արդար օրէնք, եւ իշխանական ձեռք միայն կարող են կարճել վաշխառուներու