Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/88

Այս էջը սրբագրված է

րուն մէջ լցուած կաթ պարպելով մինչեւ իրիկուն կրկին անգամ լեցուէր եւ նորէն կթուէր: Սորա փորձ շատ դիւրին է, բայց մեր անդադար աշխատաւոր գիւղական ընտանեաց վերայ, այս նոր աշխատութիւն եւս կրնա՞նք բարդել։

Թողունք այս, եթէ ասենք մեր գիւղացւոց, որ կթան կովերն ախոռին մէջ պահեն, գարնան կանաչ խոտ քաղելով կերցունեն եւ ամառն չոր խոտ։ Լուռ կաց, Թոռնիկ, եթէ այսպիսի մի բան խօսենք բոլոր դիպացիք կը խնդան մեր վրայ, քանի որ այնչափ ընդարձակ խոտաւէտ լեռներ, հովիտներ ունիմք, որ անմշակ մնալով միայն արօտական տեղեր են, յիմարութիւն չէ այդ պատուական արօտները թողնել, զորս անասուն ինքնին իւր բերնով կարածայ առանց մեր աշխատութեան, ելնել գարնանէ խոտ կերցունել կթան կովերուն, քանզի խոտ միայն ձմերան պաշար է։ Գիւղացւոց այս դատաստան շատ իրաւացի է, եթէ Եւրոպացի անասնապահ իւր կովեր այդ եղանակաւ կը պահէ նա պատճառներ ունի, նախ որ արոտատեղ չունի, երկրորդ՝ կովերու առատ կաթէն մեծ շահավաճառութիւն ունի, ամէն օր ահագին քանակութեամբ կաթ կը վաճառէ, իսկ մեր գիւղացիք եթէ ունենան առատ կաթ ո՞ւմ պիտի վաճառեն, թէ եւ կարող են իւղ շինելով քաղաքացւոց վաճառել, բայց այդ իրենց համար մի չնչին շահ է, եւ դու կը տեսնա՞ս, Թոռնիկ, շինականին խելքն ու հաշիւ, այն ինչ պտտուր եւ փթիր, գեղէն բառնալով կը տանի քաղաք կը ծախէ եւ մեծ շահ կը համարի։

Դառնանք մեր առաջի նիւթին վերայ, Թոռնիկ, կաթնտու կովերու վերայ բաւական շատ խօսեցայ, եւ միտքս այն է որ ցոյց տամ քեզ, թէ մեր գիւղական ժողովուրդ անասնապահութեան մասին շատ ետ մնացած է, նա չի գիտեր, որ անասնաբուծութիւն երկրագործութեան մի կարեւոր ճիւղն է. աւելի շահաւոր եւ արդիւնաւոր, որոց փտելոյն եւ դարմանին համար այնչափ տաժանելի աշխատութիւն պէտք չէ ինչպէս հողագործութեան, իւր շահն եւս թերեւս հողադործութենէն աւելի է։ Ահաւասիկ քեզ մի կարճ հաշիւ տամ Թոռնիկ, որ աւելի լաւ համոզուիս։

Եթէ ունենամք հինգ կով, հինգ մատակ գոմէշ, հինգ ձի եւ հինգ էշ մատակ, ամբողջ կը լինին քսան հատ չորս տեսակէն, հաւանական է միշտ որ քսանէն տասն եւ հինգ հատ ծնին, եւ երեք տարի էն յետոյ՝ գործածելու կամ ծախելու վիճակին կը