Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/90

Այս էջը սրբագրված է

մէջ գրեթէ իւր գնոյն հաւասար արդիւնք կուտայ՝ մի մաքին մեր երկրի միջին գնով կարժէ յիսուն դահեկան։ Մաքին կուտայ տարին մի գառն, որ կարժէ քսանէն մինչեւ քսան եւ հինգ դահեկան, երկու քաշ պանիր, երկու քաշ իւղ կուտայ, այն եւս կարժէ տասն եւ վեցէն մինչ քսան դահեկան, մի քաշ եւս բուրդ կուտայ, էն էլ հինգ դահեկան հաշուելով ամբողջ ի միասին կը լինի քառսուն եւ մէկ դահեկան, թէ որ ժաժիկն էլ հաշուեմ կը հասնի մինչեւ քառասուն հինգ դահեկան։

Ոչխար, շատ օրհնեալ, հեզ, ընդասուն եւ անմեղ կենդանի է. անապատի ճգնաւոր Յովհաննէս Մկրտիչ երբ տեսաւ զՅիսուս Աստուծոյ գառն կոչեց զինքն։ Հայր Աբրահամ երբ Իսահակ կապելով դրաւ սեղանին վերայ, որ պիտի մորթէր, հրեշտակ կանչեց զինքն, Աբրահամ դէպ ի վեր նայեցաւ տեսաւ որ պատուական մի խոյ կախուած է Սաբեկայ ծառէն, Աստուած ղրկեր էր այդ խոյ որ Իսահակի փոխան՝ զոհ լինի եւ Իսահակն ազատուի։

Ոչխար շատ զարմանալի աճուն կենդանի է, որովհետեւ փոքր եւ հանդարտ բնաւորութիւն ունի. հազարներով կարող ես պահել մէկ տեղ։ Ոչխար թէ փափուկ եւ թէ դիմացկուն մի կենդանի է, ամառն շոգէն շատ կը նեղուի մանաւանդ երբ իւր արօտատեղ դաշտավայր լինի, իսկ հովասուն լեռներ եւ լեռնադաշտեր՝ ոչխարի համար արքայութիւն է։ Այն դիպեր որ դաշտավայրի մէջ շինուած են, եւ ընդարձակ մարդագետին ունին, ինչպէս մեր դիպ շատ յարմարութիւն չունին ոչխար պահելու համար. մանաւանդ ջրոտ մարգագետիններ մի տեսակ հիւանդութիւն կը պատճառեն արածող ոչխարներուն եւ այս տեսակ հիւանդութեան «քեափանակ» կասեն, որ կարծեմ քիւրդերէն պէտք է լինի։

Իսկ լեռնային գիւղերն, որ ընդհանրապէս քիւրդերուն բնակավայրն է, ոչխար պահելու շահեկան շատ ընդարձակուած է. վասն զի քիւրդեր այս մասին մեզմէ աւելի խելացի են եւ շահադէտ։ Հազարներով ոչխար կը պատեն եւ գիտեն քաջ դարմանել։ Նախ որ իրենց արօտավայր տեղեր շատ լայնածաւալ են, խոտաւէտ լեռներ, ծաղկաբոյս հովիտներ, աղբիւրաշատ ձորեր՝ մեծ բաժին եղած է իրենց, ուր ամռան կարածեն ոչխարներ, եւ ձմերան համար, որչափ ուզեն կարող են խոտ քաղել պատրաստել մեծամեծ դէզերով, եւ միայն այն ժամանակ խոտ