թեան ոտքի տակ դրած եմ։ Ինչպէս Դաւիթն էլ կը խօսի. «Զամենայն ինչ հնազանդ արար ի ներքոյ ոտից նորա զխաչն՝ եւ զարջառ եւ զամենայն ինչ»։
Այս անասնոց մի մասն ընտանեցած են մեզ, եւ մեր բոլոր աշխատութեանց մէջ կը ծառայեն, կը հնազանդին ինչպէս որ ուզենք։ Մի մասն էլ կայ, որ ազատ եւ ապստամբ են մարդոյն դէմ. զի մարդէն աւելի հզօր եւ պատառող գազան են, որ հեռաւոր անապատներ եւ աւելի անտառներու մէջ կը բնակին՝ եւ ստեղծող Աստուած չի մոռնար անոնց, կերակուր կուտայ, Առիւծի կորիւններ կը մռնչեն, եւ Աստուծմէ իրենց կերակուր կը խնդրեն։ Եւ ի՞նչ է իրենց կերակուր. տկար կենդանիները, զորս պէտք է աշխատութեամբ որսան, ուտեն եւ ապրեն։ Այս աշխարհի մի բնական օրէնքն է, որ տկարներ ուժովներուն կերակուր լինեն։ Թողունք ցամաքի աշխարհ, ծովու աշխարհին մէջն էլ այդ օրէնք կը տիրէ. կը տեսնաս որ փոքրիկ ձկներ, մեծ ձկներուն միշտ կերակուր կը լինին։
Բայց չը կարծես, Թոռնիկ, թէ այդ անընդել եւ անզուսպ գազաններ բոլորովին ազատ են մարդոյն տիրապետութենէն. ոչ, մարդ իւր ճարտար հնարամտութեամբ կարող կը լինի որսալ այդ կատաղի գազաններ եւ վանդակներու մէջ փակել, եւ այն աստիճան կրթել զանոնք, որք իբրեւ մանուկ մի կը հնազանդին իրենց կրթող տիրոջ։
Իսկ մեր ընտանի անասուններ այնչափ ընտելացած են մեզ, որ մեզ հետ կապրին, գրեթէ ընտանեկից կը համարուին, եւ մեր բոլոր թէ մշտական աշխատութեան եւ թէ ուրիշ բաներու մէջ աշխատակից են։
Թէպէտ մեք մեր անասնոց տէր եւ իշխան ենք, կը ծեծենք կը չարչարենք եւ անպատիժ կը մնամք, թէեւ երկրին օրէնք անասնոց չարչարելու համար սահմանեալ պատիժ ունի։ Թող օրէնք, Եւրոպային մէջ յատկապէս անասնոց պաշտպան ընկերութիւն կայ, որ կարդուած պաշտօնեաներ ունի, ոստիկանաց պէս կը հսկեն, եթէ տեսան մէկն որ անգթութեամբ կը վարուի ո եւ իցէ անասնոց դէմ՝ իսկոյն կը բռնուի եւ իւր պատիժ կը կրէ։ Եթէ տեսնան որ կառավար մի իւր ձիերուն դարման խնայելով վատուժ եւ տկար պահած է, այնպիսին իսկոյն պատիժ կը կրէ եւ կը տուժէ, իսկ այն որ իւր բեռնատար ձին այնչափ լաւ դարմանած է, որ ահագին պալեաներ բարձուած մի սայլի՝