Էջ:Raphael Patkanian, Collected works (II).djvu/106

Այս էջը հաստատված է

ՊԱՐՈՆ Ն-ԻՆ (ԷՆԻՆ) ԽԵԼՔԸ



Պիսմառքը դաւը ինկիլ է, կասին,
Սօցիալներուն կըռեվ պացածին,
Խեվցիլ է, կասին, մարթն ալայ-մալայ,
Փէնճէրէյէն վար պիտ թապլէ հա՜յ-հա՜յ,
Մեր պարօն Էնի խելքը փօխ առնէր,
Սօցիալներուն չօխտան պիտ ըխտէր։

Կամպէթն ալ, սէօզտէ, նեղի էր պէթէր,
Քանթօնէ քանթօն ծաներ կըժողվէր.
Չօխտան է կազէթ ծեռքըս առած չիմ,
Ի՞նչով վերչացաւ, ախաչը, չիտիմ.
Մեր պարօն Էնէն թէ վօր խելք հարցնէր,
Կիտիմ, մուրատին թէզ պիտի հասնէր։

Ավղանին խանը լօռտ Պիքօնսֆիլտին,
Սէօզտե, աղէկ մը զարկիլ է քիթին,
Լօռտերը, կասին, պէթէր հուճուճ ին,
Աս չարին ճարը ի՞նչ պիտ լայ՝ չիտին.
Մեր պարօն Էնէն խելք որ հարցնէին,
Ավղանին հախէն թէզ պիտի գային։

Մեր Կօռչաքովն ալ, Ինկլիզին խարէզ,
Տապռավօյլնի ֆլօթ կըխօրթէ թէզ-թէզ,
Կուզէ Հինտիստան խըրկել կէմիներ,
Ամա մինիսթռի պէտք ունի պէթէր.
Մեր պարօն Էնէն սավէթ վօր հարցնէր,
Ատոր հընարն ալ թէզով կըկըտնէր: