Ժամանակ է թապլել կազը,
Մեր թէրազին, մեր չօթքին,
Առուտուրը՝ կընել, ծախել`
Տուշման էղաւ մեր ազգին։
Ծախօղ` հազար, կընօղ` չիկայ,
Ըշտէ՛ քեզի առուտուր.
Ըստակներըս չօփ տառցուցինք,
Մեզի մընաց թուք ու մուր։
Մեր պապերու զէնիաթը
Մօռցանք, էղանք պազիրկեան.
Կըլայ, պէքիմ, էռսուն տարի,
Ֆայտա չիկայ, կայ զիան:
Ամա` կէնէ իւմէտով ինք,
Պէքի՛մ ասված կողորմայ,
Պէքի՛մ ծօվը պօլ ծուկ կուտայ,
Պեքի՛մ ռաժայ ալ կրլայ։
Կուգայ ծուկը, ռաժայ կուգայ,
Ամա հային ի՞նչ ֆայտա,
Թօ՛ ճուհուտը, թօ՛ մուժիքը,
Քանթօռչիքը թօ խընտայ։
Ֆայ ու պառխըթ, քուռժօվա է
Խանութներուն մեր պարին,