Էջ:Raphael Patkanian, Collected works (II).djvu/113

Այս էջը հաստատված է

Ծօցըս չունէի ուսման աթէսթաթ,
Ամա խէնթէրուն էղա ապլաքաթ,
Հալխին էփպէյի կօթեցի։ Մեղայ,
Ատօվ մարթ էղայ։

Աչքըս տընկեցի ես կէնճ էօքսիւզին,
Զօռօվ պաժնեցի մօրմէն խութսուզին,
Քըսան հազարը ծեռք առի։ Մեղայ,
Ատօվ մաըթ էղայ։

Վըրաս վօր նայիս՝ խեվերուն մէկն իմ,
Ամա ստըկի կին խիստ աղէկ կիտիմ.
Քասա եալ պանալ վարպետ իմ։ Մեղայ,
Ատօվ մարթ էղայ։

Կեանքիս մէչ շենքով մէկ պան արած չիմ,
Ամա սուս կենալ չունքի ես կիտիմ,
Ու տայմա շահըս կընայիմ։ Մեղայ,
Ատօվ մարթ էղայ։

Վեց-օխտը տարի տուս տեղ քաշ էկայ,
Պահթ, հարս կըտնելու Նախչըւան էկայ.
Ընկերիս տունը զըրչեցի։ Մեղայ,
Ատօվ մարթ էղայ։

Ծեոքըս ինկիլ էր մէկ խաթէ պարի,
Սաղցնելու համար հեռու տեղ տարի,
Հալխին մեխք արի, կիտիմ ատ։ Մեղայ,
Ատօվ մարթ էղայ։

Առուտուրի մէշ ճիւնապէթ էի...
Ցօլուն աչքերով կընիկ ունէի...
Նարա միւշտէրին պակաս չէր։ Մեղայ,
Ատօվ մարթ էղայ։

Ասված տըվիլ է թալանթ ամենուն,
Վօր ատօվ պահին օղլուշախ ու տուն,
Մէնակ Սիւլիըկը ատ չի հասկըցաւ
Ու ամպահթ էղաւ։