Ծեր արածը տուք ալ կիտիք,
Պան չի մընաց, վօր չանէիք.
Վօ՞ր մէկն ասիմ՝ հէսապ չունի...
Էրնէ՜կ մէկ օր անկաճն ինկնի
Վեհափառին, վօր վարժատան
Էք եվ էիք անհաշտ տուշման,
Գուցե վօր նա խիստ տատաստան
Պանայ ծեր չար կլխու վըրան,
Գուցե պատժէն ակնածէիք,
Ու չար կօրծքէ տուք վաղ գայիք...
Բայց մեր Վեհը հեռու է, ա՜խ,
Իսկ ծեր հօքին շատ է խարդախ,
Մինչեվ խօրթը հասնի տեղը՝
«Կմեռնի էշը, կամ էշի տէրը»։
Այս պանըս տուք խիստ լալ կիտիք,
Ու մարթոցմէ հէչ վախ չունիք.
Չունքի հօքի չիք հավատալ,
Երկիւղ չունիք աստուծմէ ալ,
Շինտը ասէք, ի՞նչ պիտ անինք,
Վօր ծեր ծեռքէն մեզ ազատինք։