Զարմանք քաղաք է մեր Նոր Նախչըւան,
Վօ՛վ ասիս կուզէ լալ մեր կօլօվան,
Հէ՛մ պուրթոտ կօլօխ, հէ՛մ տըպըզ֊քաչալ,
Հէ՛մ փալապըյըխ, հէ՛մ միրուք մաչալ,
Հէ՛մ Մոսկօֆին հետ տայմա կըտըրվօղ,
Հէ՛ մ խեղճ ժամերուս ստակ ճըպըռթ֊անօղ,
Հէ՛մ սուտ զուրուցը, հէ՛մ ալ սուտխափան,
Հէ՛մ փիթուն տարին փիրփիրի հարփան,
Ասիմ, չամընչնամ՝ վերչին տիրացուն
Աս միչոցիս է մեր կօլօվացուն...
Ամօ՜թ քեզ, ամօ՜թ, Նախչրւան քաղաք,
Վօր չունիս մէչըդ շէնքով հասարակ,
Վօր հալխին ֆայտան աղէկ մը ճանչնար,
Քիւլհանիներուն ձեռք մեզի չի տար...
Ընտռինք կօլօվա ա՛ն շէնքով մարթուն,
Վօր սիրէր, մէղքնար մեր զաւակներուն,
Քաղաքիս ստակը ճէպը չի կըռէր,
Հա՛պա մեր հալխին պակսորթը լըցնէր։
Հայ ժողովուրթով իլինք հինկ կէղեր
Նախչըւանին հետ մէկ զեմսթվա անէր.
Քաղաքըս մըտցնէր ծախս ու առուտուր,
Քախցած ախքատին տար կուշտ կերակուր,
Տար մեր զավակին անպէս վարժատուն,
Ալ Ռաստօվ չէրթար նա օրը չորս ժում.
Տարին եթմիշ մարթ՝ աչքերը արցունք,
Կօքտէ տալ սալտաթ առանց իրավունք։