Էջ:Raphael Patkanian, Collected works (II).djvu/167

Այս էջը հաստատված է

ԳՈՐԾ ՈՒ ՊԱՀԱՋՄՈՒՆՔ


Հալխին մէչ սուս֊փուս պանըս կընայիմ,
Սապահտան կանուխ աղօթքըս կանիմ,
Հաց, միս կընելու կերթամ ես պազար,
Մինչի վօր մէյտան կուգայ սամավար.
Սուփիս մէչ ճերմակ ես հաց կըբըրթիմ-
Հը՜, աղէ՞կ մարթ իմ։

Ժամի, աղօթքի պէթէր իմ մօտիկ,
Ու կըճաշակվիմ ես ամեն Զատիկ.
Ինչո՞ւ երկնային դրախտ պիտի չերթամ,
Վօր տայմա Սաղմոց, Նարեկ կըկարթամ.
Լուսու չանկերուն քունէս կըզարթիմ,-
Հը՜, աղէ՞կ մարթ իմ։

Պահթէս կանկըտվիլ իրաւունք չունիմ,
Սիրտիս ուզածը ալայը ունիմ.
Տուն֊տեղ, առուտուր, քրետիթ, միլք, ըստակ,
Տեսօք սայեախլու ու շէնքով զաւակ,
Պօլ ճէհէզ կուտամ, ախչիկ կըկարքիմ,—
Հը՜, աղէ՞կ մարթ իմ:

Չիմ խառնըվիլ ես մեր հալխի կօրծին,
Կուզին՝ մէկմէկու միսը թօ կըռծին.
Ամեն տարի քսան, եա եռսուն հազար
Քասսաս կըտընիմ սեվ օրուայ համար,-
Կիւզին ալ էռան օթառ կըմօրթիմ,-
Հը՜, աղէ՞կ մարթ իմ։