Էջ:Raphael Patkanian, Collected works (II).djvu/173

Այս էջը հաստատված է

ԾԿԼԱՅ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ



Աղա Մինաս,
Աղէկ կիտնաս,
Թէ ծկլայէն վազ չիգաս,
Շատ մեղքերու սէպէպ կըլաս,
Հալխին կուտաս
Մեծ վընաս։
Լատին լեզուն ու յունաց,
Մարթուս չի տալ խելք ու հաց։
Առաչ սալթը տըգէտ էր խեղճ Նախչըւան ,
Շինտը կըլայ հէմ տըգէտ, հէմ մուրացկան։
Լատին սորվիլն ժամանակի է կորուստ,
Յունաց բառն ալ հալխին չի անիլ հարուստ.
Մի՞թէ այնքան սաղ քաղաքով խեվ էինք,
Վօր մէկ հատիկ խենթէ խելք պիտ սորվէինք.
Ատ կալպայը թէ մէկ պանի պէտք ըլար,
Քանանովը հէչ Մոսկօֆէն փախ կուտա՞ր...
Ծըկլայ, տենքսըզ, հովարտայի մեկ հատի՞ն
Մընաց հասցնիլ ծեզ ծեր սիրտի մուրատին։
Տըղոց չատին վօտանաւոր սորվեցնել,
Չի հասկըցօղ հալխին տիմաց կարթացնել,
Կիմնազիսթի ֆօռմով հալաւ հաքցընել,
Իր ճակատին ալ մէկ քօքառտ կպցըՆել,
Հօքնած մարթիկ Ռաստօվէն հօս պերել տալ,
Ռուս ին տէյին` նացա պօլ հախ խոստանալ,
Սաղին-սօլին հալխին ստակը պօշ վատնել,
Մէկ խութսուզի զօռով սիրտին մէչ մտնել։
Տ...ներուն ծանտռութինով պարծընալ,
Պէնէֆիս սուրփ կարքին ասել ու խնտալ,