Էջ:Raphael Patkanian, Collected works (II).djvu/75

Այս էջը հաստատված է

Ու անխելքութեամփ տառցար, ինծ ասիր.
«Չուզիմ ազատ կեանք, թօ՛ղ մընամ եսիր»։

Քաղաքըս կայնած է հարուր տարի,
Ի՞նչ արիր, ասա՛, տուն մէկ կօրծ պարի,
Ուտել ու խըմել, խըմել ու քուն լալ,
Ասոնցմո՞վ սալթը կուղիս պարծընալ։

Տուն ինծ չիս սիրիլ. ինչո՛ւ, քեզ ասիմ.
Զէրէ սուրփ պարտքըտ միտքըտ կըցըքիմ...
Աղէկ մարթ լալու ու ազգի պարծանք՝
Շատ զոհեր կուզէ ու շատ աշխատանք։

Մեղքըցիր քեզի ու քու զաւակիտ,
Պահպանէ՛ հաւատ, լուզուն խեղճ ազգիտ,
Ու անկէ էտեվ չի ցավիլ հօքիս,
Թէ վօր տուն ինծի չի սիրիս, ատիս...

Եփօր շատ տարի կանցնին ու կէրթան
Ու օսկօռներուս իզն ալ չէ մնալու,
Հալվա՜խ, խեղճ հայեր, ծեր օրթիք կուգան
Պապերուն մեխքը ֆօղիս վրայ լալու։