— Անգամ մը Ձեզ տեսայ ստորերկրեայ երկաթուղիի կայարանը առաւօտ կանուխ։ Ձեռքերնիդ ունէիք Քօլէթի «Որթատունկին պատաղիճները»։
— Այո՛,— ըսաւ խեղդուկ։
Ու ես զգացի, որ երկրորդ անգամ ըլլալով՝ սխալեցայ՝ նկատելով, որ տեսած էի զինքը բանուորական հագուստներով։
Աստունին առաջարկեց, որ մեզ հետ ինքնաշարժ մտնէ։
— Ո՛չ,— ըսաւ ամուր, բարեւեց ու հեռացաւ։
Ես նայեցայ անոր սիրելի հասակին, ու ինծի թուեցաւ, թէ ես կը սիրեմ զայն։
Այո՛, ինծի թուեցաւ, թէ ես կը սիրեմ այդ տժգոյն տղան։ Կը սիրեմ ճակատագրականօրէն։ Մեծ ու եղերական սիրով։ Մահու սահմանուած տրտում աղջկայ մը մելամաղձոտութեամբ եւ բարբարոս ու զուրկ մենուհիի մը կատաղութեամբը։
Օ՜, ինչո՞ւ այս տրտում սէրը, ինչո՞ւ, Աստուա՛ծ իմ։
— Ինչո՞ւ թոյլ տուիք, որ քալելով երթայ,— ըսի Սարունիին։
— Գիտեմ որ հպարտ է,— պատասխանեց,— չեմ ուզեր նեղել զինքը։
— Մէկը չունի՞։
— Որբ է,— ըսաւ խոհուն,— ու այս հսկայ քաղաքին մէջ մինակ է։ Երբեմն կը մտածեմ իր ժամերուն վրայ, ու սիրտս տրտմութեամբ կը լենայ։
— Շատ տժգոյն է։
— Հիւանդ է ու շատ կ’աշխատի։ Գիշերները գրեթէ չի քնանար։ Գիտնա՞ք՝ ինչ տաղանդաւոր տղայ է, Օրիո՛րդ Մանուկեան։ Երկար ատեն է՝ կ՚ուզեմ մօտս առնել, բայց հնարաւորութիւն չունիմ։ Հինգշաբթի երեկոները միասին կ՚անցընենք։ Ժամերով կը նուագէ, մինչեւ որ յոգնի։ Յետոյ երկարօրէն կը խօսինք գրականութեան մասին։ Անցեալ օր ֆրանսերէն արձակ երգ մը բերած էր սրբագրելու համար։ Կ’արժէ որ կարդաք։ Տասնըութը տարու է միայն, ու մտածեցէք, որ հազիւ երկու տարի կ՚ընէ, որ Ֆրանսա է։ Կ՚ուզէ՞ք իր երգը ղրկեմ Ձեզի։
— Այո՛,— հծծեցի երկչոտ։
Ան նայեցաւ երկարօրէն ու շրթները խածաւ։ Յանկարծ տժգունեցաւ ու նայեցաւ աչքերուս վայրենօրէն։ Իր աչքերը այնքան չար էին ու ատելութեամբ լեցուն, որ ցուրտ սարսափ մը անցաւ ողնածուծէս։
— Ահա՛,— ըսաւ յուսահատ ու կատաղի,— ուրեմն կը հետաքրքրուի՞ք իրմով։
— Այո՛,— ըսի խեղդուկ,— ազատ չե՞մ միթէ։
Ու արտասուելու ցանկութիւն մը ճանկռտեց կուրծքս։
Տուն վերադարձիս եղբայրս արթուն գտայ։ Նստած էր սենեակս՝ թիկնաթոռիս մէջ, վառարանին բոցին առջեւ, ու կը կարդար Սարունիի գիրքը՝ «Երատոյ, թագուհի հայոց, քոյր եւ կին»։
— Գիշե՛ր բարի, եղբա՛յր։
— Գիշե՛ր բարի,— կրկնեց չարութեամբ՝ առանց անունս տալու ու առանց ինձ նայելու։
— Ո՞ւր էիր։
— Թատրոնը։
— Որո՞ւ հետ։
— Սարունիին,— պատասխանեցի տհաճութեամբ։
Յանկարծ մեղմացաւ, բարձրացաւ աթոռէն ու ճակտէս համբուրեց զիս։