Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/22

Այս էջը հաստատված է

— Ի՞նչ կայ,— ըսաւ իբր թէ տհաճութեամբ, բայց զգացի, որ տրամադիր է հաշտուիլ։

Սիրտս ելած էր, ու զգացի, որ պիտի արտասուեմ։

Ըսի.

— Հրանդ, ինչո՞ւ վշտացած ես ինծի դէմ։

Ան չպատասխանեց, թօթուեց ուսերը։ Արցունքի կաթիլ մը ինկաւ այտիս վրայ, եւ զգացի եղբօրս ձեռքը մազերուս վրայ։ Ան զիս նստեցուց քովը ու հարցուց, թէ ինչ ունիմ։

— Չե՛մ գիտեր, չե՛մ գիտեր,— ըսի տխուր, բայց զգացի, որ գիտեմ, որովհետեւ Սուրէնին խոշոր ու սեւ աչքերը շողացին յանկարծ, եւ սկսայ դողալ աշնանահար տերեւի մը պէս։

* * *

Եղբայրս կը կարծէ, որ տրտում եմ, որովհետեւ երկար ատենէ փակուած եմ տունը։ Պնդեց, որ դուրս ելլենք։ Մայրիկն ալ ձայնակցեցաւ, եւ երեքով քաղաք իջանք։ Ես կը նախընտրէի թատրոն երթալ, բայց որպէսզի մայրիկն ալ զուարճանայ, գացինք շարժանկար դիտելու։ Անձրեւը հետզհետէ աւելի սաստկանալուն՝ ստիպուեցանք հանդիպող առաջին սրահը մտնել, որ բանուորական թաղի մը մէջ ըլլալուն՝ ապականած էր ծուխով։

Գէշ հագուած ու տժգոյն բանուոր մը իր ծխամորճը կը ծխէր քովս։ Ունէր կարմիր ու կոպիտ մազեր եւ աշխատանքէ խոշորցած ու տձեւ ձեռքեր, բայց աչքերը կապոյտ էին հանդարտ ու խաղաղ կապոյտով մը, ու չեմ գիտեր՝ ինչ ունէր իր վրան, որ յարգանք կը պարտադրէր ինծի։

Սկսան նուագել փողոցային երգ մը։ Քովիս բանուորը կը կարդար։ Նկատեցի, որ ռուսերէն է, ու գրքին երկրորդ էջին վրայ տեսայ Կորքիի նկարը՝ տխրադէմ ու երազուն, ուսանողական շապիկով։ Գաղափարներու զուգորդութեամբ յիշեցի Սուրէնին սեւ շապիկը՝ երեք սեւ կոճակներով ու մէջքը գօտի։ Ու տրտմութեան ալիք մը թանձր ու տաժանելի հեղուկի մը պէս ողողեց մարմինս։

Եղբայրս կը նայէր շարժանկարի առագաստին։ Կը խաղային «Զազա»ն։ Գլորիա Սվանսոնի վայրենի դէմքը ու իր մարմինին ջղային գալարումները յուզեցին զիս։ Ու չեմ գիտեր ինչու, նորէն առանց պատճառի ու յանկարծ՝ թարթիչներս թրջեցան, մինչ սրահը կրկին լուսաւորուեցաւ, ու դաշնակին վերջին նօթը կորսուեցաւ ներկաներու աղմուկին մէջ։

27 Յունուար

Երկար պտոյտ մը ըրի այսօր Պուլօների անտառին մէջ։ Գետինը թէեւ քիչ մը թաց էր, բայց արեգակ կար։ Լիճը կապոյտ էր ու խաղաղ։ Փաթթուած հաստ վերարկուիս մէջ՝ նստայ ձմրան արեւին մէջ ու սկսայ կարդալ Գօգօլը։

Բաւական ատեն է մասնաւոր սէր կը զգամ ռուս հեղինակներու հանդէպ, մինչդեռ առաջ կը նախընտրէի ֆրանսացիները։ Եղբայրս կը ծիծաղէր վրաս։ Հիմա կը զգամ, որ իրաւունք ունի։ Ո՛չ թանձր Զօլան, ո՛չ խորաթափանց ու նուրբ Գի տը Մոբասանը եւ ո՛չ ալ զանգուածեղ Պալզաքը չեն կրնար այնքան յուզել զիս, որքան Դոստոեւսքին կամ Տոլստոյը։

Այս շաբթու ընթացքին կարդացի լեհ վիպող Ստանիսլաւ Րէյմօնի «Աշուն»ը ու երկրորդ անգամ ըլլալով՝ Դոստոեւսքիի «Ապուշ»ը։ Ու այն միտքը, թէ Սուրէնն ալ կարդացած է զայն, ան ալ կանգ առած է ինծի պէս այդ գրքին էջերուն վրայ, սիրտս մելամաղձոտութեամբ ու սիրով լեցուց։