Վերադարձիս սեղանին վրայ գտայ Սարունիէն երկար ու տրտում նամակ մը, ուր կ՚ըսէր, թէ կը սիրէ զիս ու կը տառապի, թէ սէրս այնքան վայրենի ու վատ դարձուցած է զինքը, որ իր լաւագոյն բարեկամը՝ Սուրէնը, տեսնել չէ ուզած այլեւս, որովհետեւ ես կը հետաքրքրուիմ իրմով։
Կրկին կը կարդամ իր նամակը եւ հակառակ որ չեմ սիրեր զինքը, սիրտս կը զարնէ արագութեամբ։ Կը զգամ, որ կը տժգունիմ, որովհետեւ ան կը խօսի սիրոյ մասին բարբարոս ու արիւնէ բառերով ու արուեստով մը, որ կը հրապուրէ ու կը տրտմեցնէ զիս։ Ան կը պատմէ ինծի իմ մասիս, եւ իր տողերուն մէջէն պատկերս այնքան գեղեցիկ է ու համբուրելի, որ կը ներեմ իրեն ներկայացման գիշերուան իր անտարբերութիւնը։
Այսուհանդերձ, չպիտի պատասխանեմ իրեն։ Օ՜, չէ՛։ Ընդհակառակը, որքան կարելի է քիչ պէտք է հանդիպիմ իրեն։
Ընկերուհի մը տեսնելու համար գացած էի Ս. Միշէլի ծառուղին։ Վերադարձին ծառուղիին աջ ափին վրայի սրճարաններէն մէկուն առջեւը հանդիպեցայ Սարունիին՝ ծխամորճը բերանը ու տժգոյն։ Յայտնապէս նիհարցած էր, եւ իր սեւ ու գեղեցիկ աչքերուն տակը կապոյտ բոլորակներ կ՚երեւէին։ Կռթնած էր գաւազանին ու կը նայէր ինծի յուզումէ ու երջանկութենէ լայնցած աչքերով։
— Այս առաւօտ նախազգացի, որ Ձեզ պիտի տեսնեմ, Օրիո՛րդ Մանուկեան,— ըսաւ տրտմութեամբ։
Ես յիշեցի իր՝ յուզումով ու տրտմութեամբ թրթռուն նամակը ու սեղմեցի իր երկարած ձեռքը, որ չափազանց նրբացած էր ու կը դողար։
— Կրնա՞մ Ձեզի ընկերանալ,— հարցուց դողդոջուն, ու ես զգացի, որ կը վախնայ, որ կը մերժեմ այդ շնորհը իրեն որեւէ պատրուակով։
Վայրկեան մը անցաւ։ Կեցած էինք Սորպոնի փողոցին անկիւնակապը՝ գրատան մը առջեւ։ Բազմութիւնը մեր առջեւէն կ՚անցնէր աղմուկով ու անվերջ։ Սորպոնի ժամացոյցը երեկոյեան վեցը զարկաւ դանդաղօրէն ու կարծես թէ տրտմութեամբ։ Ես ըսի, որ տուն պիտի վերադառնայի, բայց եթէ ուզէր, կրնայինք մինչեւ Տիւյըրիի պարտէզը երթալ գետեզերքն ի վեր։ Օդը ցուրտ էր, բայց երկինքը՝ յստակ։ Դանդաղ քայլերով իջանք ծառուղին մինչեւ կամուրջը՝ առանց կանգ առնելու։ Ու գետն ի վեր իրար ետեւէ շարուած գրավաճառներու առջեւէն ուղղուեցանք դէպի վեր։ Կը քալէինք գլուխներնիս հակած ու առանց խօսելու։ Սարունին ի վերջոյ սկսաւ խօսիլ զանազան զուր բաներու մասին։ Բայց իր ձայնը կը դողար։
Գրավաճառի մը առջեւ կեցանք ու սկսանք դիտել գրքերը։ Երբեմն մեր նայուածքները կը հանդիպէին իրարու, եւ երկուքս ալ անհանգիստ կը զգայինք ինքզինքնիս։ Ես գտայ Փիէր Լիւսի «Պիլիթիսի երգեր»ուն գեղարուեստական մէկ սքանչելի տպագրութիւնը եւ ուզեցի գնել։ Սարունին նայեցաւ աչքերուս, զարկաւ իր ծխամորճը բազրիքի եզերքին, աչքերը կախեց գետին ու ըսաւ.
— Օրիո՛րդ Մանուկեան, թոյլ տուէք զայն նուիրեմ Ձեզի։
Ու վճարեց։
Հեռուն երկինքը փաթթուած էը ծիրանի պարեգօտի մը մէջ։ Վերսկսանք քալել դանդաղ ու լուռ։ Սարունին կ՚արտասանէր Ռօնսարէն հնչեակ մը։ Ձմրան դժկամ ու ատուած դէմքով արեւը ընկղմեցաւ իր արիւնին մէջ, եւ երկինքը սկսաւ յանկարծ գոռալ։ Կը զգայի, ոը Սարունին կ’ուզէ խօսիլ ինծի. իր շրթները անհանգիստ էին, ու նայուածքը՝ յղի։ Այսուհանդերձ, բաժնուեցանք իրարմէ՝ առանց իր նամակի մասին բան մը ըսելու։ Ես չհարցուցի, թէ ուր է Սուրէնը, ինչ կ՚ընէ, ու ինք ոչինչ ըսաւ։ Միայն երբ Տիւյըրիի պարտէզին