դրան առջեւ ձեռք տուինք իրարու, զգացի, որ շրթները կը խածնէ ինքզինքը զսպելու համար։
— Թոյլ կուտա՞ք, որ երբեմն Ձեզ տեսնելու գամ,— հարցուց դողդոջուն՝ կարծես վախնալով, որ կը լսէ իր ըսածը, ու աչքերը գետին։
Ես զգացի, որ կը տառապի այդքան խոնարհած ըլլալուն։
— Ինչո՞ւ չէ,— ըսի մեքենաբար, բայց զգացի, որ կ՚ուզէի հակառակը ըսել։
Այո՛, կ’ուզէի հակառակը ըսել։
Եղբայրս այս գիշեր ինծի համար բերաւ Դոստոեւսքիի «Կարամազով եղբայրներ»ուն ֆրանսերէն նոր թարգմանութիւնը։ Ընթրիքէն յետոյ նստանք վառարանի մօտ՝ դէմ դէմի, եւ ես բարձրաձայն կարդացի մինչեւ ժամը տասնըմէկուկէսը։ Ան մտիկ կ’ընէր զիս լուռ, լուրջ, ծանրադէմ՝ արմուկով կռթնած բազկաթոռին ու ձեռքը կզակին վրայ։ Յուզումը երբեմն այնքան զիս կը նեղէր, որ կոկորդս կը սեղմուէր, ու կը ստիպուէի սպասել երկար վայրկեան մը, մինչ դուրսը անձրեւը կ՚իյնար մեր ծառերուն վրայ չարութեամբ, ու վառարանը կը ճարճատէր։
Հիմա նորէն լուռ է սենեակս ու ամբողջ տունը։ Կատուս կը ննջէ վառարանիս առջեւ, ու անձրեւը դեռ կ՚աղմկէ դուրսը։ Ձմրան տխուր անձրեւը։
Կը մտածեմ տրտմութեամբ սիրոյ կորսուած բոլոր պատեհութիւններուն վրայ, եւ ինծի կը թուի թէ կը լսեմ աշխարհի աղմուկը սենեակիս մէջ։ Պատերը կը նահանջեն աչքերուս առջեւէն, եւ ես կը կարողանամ նայուածքս նետել հեռու ու մօտիկ բոլոր քաղաքներուն ու գիւղերուն վրայ։
Այս պահուս հազարաւոր շրթունքներ կը դողդոջեն համբոյրի համար մութին մէջէն, ուրիշներ, որ կը հանգչին իրարու վրայ բոց առած ծաղիկներու պէս։ Այս պահուս հազարաւոր նայուածքներ կը խաչաձեւեն իրար՝ տրտմութեամբ կամ սիրով։ Ձեռքեր կը դողան իրարու մէջ, ու սիրոյ կամ ատելութեան խօսքեր կ՚արտասանուին լուսողող սրահներու կամ գինիի բուրումէ ու ծուխէ ապականած կապէլաներու մէջ։ Կրքէ գինով մարմիններ կը ձգուին իրարու, եւ մինչ գիշերը կը յառաջանայ, աշխարհը կ՚արբենայ սիրով ու մեղքով։
Ձայն մը կը հնչէ մութին մէջէն ու կ՚ըսէ. «Շտապէ՛, կո՛յս, շտապէ՛։ Քանի մարմինէդ մեկնած չէ սիրոյ շունչը, արտասանէ բոլոր սիրոյ խօսքերը, որ գիտես, փորձէ բոլոր գգուանքները, որպէսզի վաղը մարմինդ չմսի խաւարին մէջ՝ առանց յիշատակի, ու շրթունքներդ պահեն մեղքի համը, ինչպէս խորանը՝ խունկի հոտը։ Շտապէ՛, սիրո՛յ աղջիկ, քանի ծաղիկները կը բացուին հոգւոյդ պարտէզին մէջ՝ սիրոյ կապոյտ ու սպիտակափրփուր ծաղիկները»։
Ես կ՚արտասանեմ անոր սիրելի անունը բարձրաձայն ու աչքերս փակ։ Ես կ՚ուզեմ ենթադրել, թէ ան հոս է հիմա՝ սենեակիս մէջ, կիսամութին ապաստանած։ Ես կը խօսիմ իրեն մեղմ ու առանց աճապարանքի։ Դուրսը անձրեւը կ՚աղմկէ պարտէզին վրայ։ Դողդոջուն ու անասելի կարօտով ան կը ծռի վրաս, եւ ես կը զգամ իր շունչը։ Աչքերս կը փակէ իր տժգոյն մատներով ու կ՚ըսէ. «Մի՛ նայիր, մի՛ նայիր ինծի»։
Ու կը համբուրէ զիս։
Իմ շրթներս կ՚այրին, ու սիրտս կը պոռայ կրծքիս տակ։
Կ՚ըսեմ. «Մի՛, Սուրէ՛ն, մի՛ նայէ, տժգոյն եմ ու հիւանդ, բայց կը սիրեմ քեզ։ Հաւատա՛, պզտի՛կս, կը սիրեմ քեզ»։