Հետզհետէ սրահը կը լենար, եւ աղմուկը կը մեծնար։ Սարունին կը նայէր ինծի իր իմաստուն ու տառապող աչքերով, եւ ինծի թուեցաւ, թէ անոր շրթունքները պիտի բացուին եւ սիրոյ, տառապանքի պերճ, թանկագին խօսքեր պիտի ըսէ ինծի։ Յիշեցի անոր մէկ արձակ երգը՝ «Վարդենինե՜ր ... Վարդենինե՜ր ...»: Եւ զգացի, որ չեմ կրնար սիրել զինքը, ու սիրտս տրտմութեամբ լեցաւ։ Անոր սեւ ու զօրաւոր դէմքը կը փայլէր վայրենի բոցով։
— Գիշեր բարի,— ըսաւ դողդոջուն ու դէմքը դարձուց։
Յետոյ ձեռքը երկարեց։ Իր ձայնը այնքան եղերական ու նայուածքը այնքան ծանր էր, ոը ինծի թուեցաւ, թէ բարբարոս մարդ մը ներքին հագուստներս կը քակէ ու իը արիւնոտ բազուկներով կը գրկէ զիս։ Ձեռքս ետ քաշեցի ուժով ու արագ քայլերով հեռացայ։ Ան հասաւ ետեւէս ու անունս տուաւ։ Ես կ՚ուզէի չկենալ, բայց ընկերուհիի մը հետ դէմ դէմի եկանք։
Չեմ գիտեր ինչու, յանկարծական յուզում մը կոկորդս սեղմեց, եւ երբ Սարունին մաքուր տպագրութեամբ ու խորհրդաւոր խորագրով իր գիրքը երկարեց ինծի, չկրցայ շնորհակալութիւն յայտևել։ Երեքս ալ լռեցինք։ Յետոյ Սարունին գնաց։ Անոր սիրուն հասակը բազմութեան մէջ կը նմանէր արմաւենիի մը ցօղունին։ Ընկերուհիս կամաց ձայնով ըսաւ.
— Քեզ կը սիրէ։ Ամէն անգամ որ արտասանես կամ նուագես, դէմքը կը տժգունի, ու աչքերը կ՚ընդլայնին։
— Չեմ գիտեր,— ըսի տրտում ու զգացի, որ ընկերուհիս կը հետաքրքրուի իրմով, այլապէս ինչո՞ւ միշտ անոր պիտի նայէր։
— Գեղեցիկ է,— շարունակեց ան,— աչքերը՝ մանաւանդ։ Յետոյ սիրել գիտէ...
— Ինչէ՞ն գիտես,— ըսի դողդոջուն։
— Կը զգամ։
Ու երկուքս ալ նայեցանք իր գրքի խորագրին՝ «Երատոյ, թագուհի հայոց, քոյր եւ կին»։
Վայրկեան մը լռեցինք, յետոյ խառնուեցանք բազմութեան։ Մեր առջեւը խումբ մը տղաքներ կը խօսէին։ Յանկարծ անոնցմէ մէկուն շրթունքներէն ես լսեցի անունս, ու տարօրինակ դող մը ցնցեց մարմինս։ Ցած ու մտերիմ ձայնով կը խօսէին իմ մասիս։ Մեր ու իրենց միջեւ կար հանգստակալ մը, որ ծածկուած էր վերարկուներով։ Մենք բոլորովին պահուեցանք հագուստներուն ետեւ ու լռեցինք:
Դուրսը անձրեւը կը տեղար առատութեամբ, ու սիկառի ծուխը բռնած էր առաստաղը։ Ես կը նայէի այդ տղոց խումբին եւ կը զգայի, որ սիրտս կը տրոփէ, ու անծանօթ, հեշտագին զգայութիւն մը կը ծանրացնէ կոպերս։ Անոնցմէ մէկը հագած էր ռուսական ուսանողական սեւ շապիկ։ Մազերը առատ էին, սեւ ու լաւ յարդարուած։ Իր դէմքը չէի տեսներ, բայց իր հասակը, իր պարանոցը ու իր գլուխը այնքան ներդաշնակ էին, որ անհանգստութեամբ ու տառապանքով կը սպասէի, որ այդ անծանօթ ու գեղեցկահասակ տղան դարձնէր իր սիրուն գլուխը, եւ ես նայէի իրեն։ Ան լուռ էր։ Միւսները կը խօսէին հետզհետէ աւելի կրքով, եւ ես կը զգայի, ոը կը տժգունիմ։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ, թէ ամէն անգամ որ դաշնակին ստեղանիներուն վրայ իմ երկար ու սպիտակ մատներս տեսնէ, կը մտածէ տխուր ու մութ գիշերներու մասին, եւ իրեն կը թուի, թէ մութին մէջէն տրտում ու թրթռուն մահաքայլերգ մը կը նուագեն՝ ի պատիւ երիտասարդ տղու մը, ոը սիրոյ համար անձնասպան եղած է։
Սեւ շապիկով տղան դարձաւ մեր կողմը։ Եւ ինծի թուեցաւ, թէ սիրտս պիտի փրթի։ Ուզեցի ճչալ, ու շրթներս դողացին։ Ամէնէն գեղեցիկ երիտասարդն էր, զոր երբեք ես