Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/33

Այս էջը հաստատված է

Սառա Պէրնարէն կամ Գիթրիէն։ Ի՞նչ կը մնայ այսօր մեզի Ադամեանէն, եթէ ոչ անուն մը, որ կը հնչէ մեր մտածումին մէջ՝ մեռած իշխանի մը անունին պէս։

Այդքան քիչ բան՝ այդքան հանճարի ու սպառումի փոխարէն։ Մինչդեռ յաւերժական է Հոմերոսը։

Երբեմն տխրութեամբ կը մտածեմ մեր ճակատագրին ու կը ցաւիմ մեր բոլոր ճիգերուն, տառապանքներուն, զրկանքներուն համար։ Ժամանակը պիտի սրբէ բոլորը։ Ուրիշ է բանաստեղծութիւնը։ Դարերու մէջէն ան կը հասնի ու կը մրմնջէ մեր ականջներուն իր խռովիչ նուագը։ Եւ ես հիմա՝ այս հսկայ քաղաքին մէջ պանդուխտ աղջիկ, կրնամ բանալ «Նարեկ»ը ու մտիկ ընել բանաստեղծ Մոնազնին վայրենի երգը, ու կրնամ նայիլ տրտում աչքերով Վանայ ծովին ու կապոյտ երկնքին, մինչ մելամաղձոտ ու բարի եղանակ մը կը պարէ ականջիս մէջ։

* * *

Գրականութիւնը կը հրապուրէ զիս։ Եղբայրս խորհուրդ կուտայ միշտ, որ փորձեմ գրել։ Այո՛, եթէ փորձէի գրել, եթէ քաջութիւնը ունենայի միայն, Աստուած իմ, ինչքան սիրոյ երգեր շրթներուս վրայ ու ինչքան ուրիշներ, որ կը ծլին ծաղիկներու պէս մտածումիս պարտէզին մէջ, բայց կը փակուին իրենք իրենց վրայ լոյսի ու ջերմութեան պակասէ։

3 Փետրուար

Եղբօրս մէկ պատահական արձակուրդէն օգտուելով՝ ցերեկէն յետոյ միասին թատրոն գացինք Պէրնըշթայնիի «Հայելիներու սրահը» տեսնելու։ Վերադարձիս երկարօրէն խօսեցայ իրեն թատրոնէն հրաժարելու մտադրութեանս մասին։ Այնքան ուրախացաւ, որ գրկեց ու համբուրեց զիս։ Պատմեցի երէկուայ միջադէպի մասին ու ըսի, որ գրելու ուժեղ կարօտ մը կը զգամ։ Կ’ուզէի օրագիրս ցոյց տալ իրեն, որովհետեւ ինք կրնայ ըսել, թէ ընդունակութիւն ունի՞մ թէ ոչ, բայց բաւական մտերիմ չենք իրարու հետ, որպէսզի կարենամ սրտիս գաղտնիքները վստահիլ իրեն։

Մայրս քիչ առաջ նամակ մը ու ծրար մը տուաւ։ Պահարանին վրայ ճանչցայ Սուրէնին գիրը։ Մատներս սկսան դողդոջել, ու զգացի, որ կը տժգունիմ։ Եղբայրս կը նայէր ինծի հետաքրքրութեամբ ու անձկութեամբ։

Ես քաշուեցայ սենեակս, ինկայ անկողնիս վրայ ու զգացի, որ աչքերս կը թրջին։ Աստուա՛ծ իմ, ինչքան քաղցր է սիրոյ արտասուքը։ Սիրտս անձկութեամբ ու տրտմութեամբ լեցուն է, եւ քաջութիւն չունիմ բանալու անոր նամակը։

* * *

Բացի ծրարը դողդոջուն ու վիրաւոր սրտով, տարապայման երջանիկ՝ այդքան մեծ ուրախութեան մը համար։ Մանիշակագոյն ու հոտաւէտ թղթի վրայ գիշերային այդ մահանուագը, Աստուա՜ծ իմ, ինչպէ՜ս տրտում է։

Սուրէնը զայն նուիրած է ինքզինքին՝ «Տղու մը, որ մեկնի պիտի շուտով»։

Այս ինչքան ցաւ, ինչքան տառապանք ու ինչքան բանաստեղծութիւն։ Նախ ճակատը՝ պզտիկ ու ջղային գրերով՝ «Մահուան առագաստ»։ Յետոյ՝ Հանրի տը Րէնեիէէն երկու տող։

«Ան կը սիրէր անտանելի նուագները, ջուրերու մրմունջը ու սիրոյ ստուերը»։

Յետոյ եղանակը՝ տրտում, խորունկ, այսուհանդերձ՝ ոստոստուն ու պարագնաց, թիթեռնիկներու թեւերու ձայնին պէս անշօշափելի, բուրումներու խաւի մը նման խոնաւ