Էջ:Sails of death, Vazgen Shushanian.djvu/35

Այս էջը հաստատված է

«Յ. Գ.— Կ՚ուզեմ անկեղծ ըլլալ Ձեզի հետ ու ըսել ամբողջ ճշմարտութիւնը։ Այո՛, կ՚ուզեմ գալ ու կ՚ուզեմ գալ Ձեզի, տեսնել Ձեր հասակը Ձեը դաշնակին առջեւ ու լսել «Մահուան առագաստը», ոը Ձերն է իմս ըլլալէ առաջ։ Բայց կը վախնամ, ոը կ՚արտասուեմ Ձեր առջեւ, օրիո՛րդ, կը ներէք, չէ՞, տղու մը, ոը կը վախնայ արտասուելէ»։

— Օ՜, չա՛ր, չե՛մ ներեր, ո՛չ, չե՛մ ներեր քեզի։

Կ՚արտասուեմ ես ալ ու կը վախնամ սիրելէ։ Կ՚ուզեմ պատասխանել իրեն, բայց կը զգամ, ոը տկար եմ ու անկարող։ Կը բանամ «Կարամազով եղբայրներ»ը ու կը շարունակեմ ընթերցումս, բայց արտասուքները կը հոսին աչքերէս այտերս ի վար, գրքիս էջերուն վրայ, եւ լուսամփոփիս տակէն կ՚երեւայ նորէն անոր տրտում ու գեղեցիկ կիսադէմքը։ Այն տժգոյն տղուն...

* * *

Եղբայրս քիչ առաջ վերադարձաւ։ Զիս տեսաւ անկողնիս մէջ արցունքոտ աչքերով։ Նստաւ քովս ու հարցուց, թէ ինչ ունիմ։

— Չեմ գիտեր,— ըսի դողդոջ ու զգացի, ոը շըթներս անհանգիստ են, ու հոգիս՝ յուսահատ։

— Ո՞վ կար քովդ, Սիրանո՛ւշ,— հարցուց գլուխս բարձրացնելով ու համբուրելով զիս։

— Ո՛չ ոք, Հրա՛նդ։

— Սուտ մի խօսիր,— ըսաւ խստութեամբ։

— Բայց ո՛չ ոք,— կրկնեցի տժգոյն ու զգացի, ոը կրկին պիտի լամ։

Ան բարձրացաւ ու սեղանիս վրայ տեսաւ Սուրէնին նամակը։ Առանց թոյլտուութիւն խնդրելու՝ կարդաց զայն։ Նայեցաւ դաշնակիս ու տեսաւ Սուրէնին մահանուագը։ Վայրկեան մը կեցաւ։ Ու զգացի, որ յուզուեցաւ։ Ես կը նայէի անոր արցունքոտ աչքերով, ու ցաւս խոստովանելու անդիմադրելի փափաք մը կը նեղէր զիս։ Գլուխս դրի իր կուրծքին ու բարձրաձայն արտասուեցի։

— Սիրանո՛ւշ,— ըսաւ կամաց,— զայն տեսայ քիչ առաջ տուն վերադարձած ատենս մեր փողոցին անկիւնը։ Սեւ շապիկով, տժգոյն դէմքով ու շատ գեղեցիկ տղայ մը։ Աչքերը թաց էին, ու այնպէս ազնուական տրտմութիւն մը կար դէմքին վրայ, որ չկրցայ անտարբեր անցնիլ քովէն։ Նայեցայ աչքերուն։ Ինծի թուեցաւ, թէ մեր տունէն դուրս ելած է։ Ինք ալ նայեցաւ ու հեռացաւ խոհուն քայլերով՝ առանց ետ նայելու։

Յուսահատութիւնս կ՚աճէր, ու եղբօրս խօսքերը աւելի կը վշտացնէին զիս։ Ան կը գգուէր մազերս ու յիմար բառեր կը մռլտար ակռաներուն մէջէն։ Յետոյ բարձրացաւ կրկին ու նայեցաւ «Մահուան առագաստ»ին։ Անոր դէմքը հետզհետէ կը տժգունէր, եւ իմ սիրտս հպարտութեամբ ու մելամաղձոտութեամբ կը լեցուէր։ Կը զգայի, որ երջանիկ եմ։ Չեմ գիտեր ինչու, բայց կը զգայի, որ երջանիկ եմ։

4 Փետրուար

Մութը ինկած էր մեր պարտէզին վրայ, երբ հագայ մոլոշագոյն պարեգօտս ու գացի Ս. Միշէլի ծառուղին։

Դանդաղ քայլերով յառաջացայ Սուրէնին բնակած փողոցը։ Սիրտս ուժգնութեամբ կը զարնէր, բայց անբացատրելի երջանկութիւն մը ինծի կը թուէր թէ կ՚ողողէ զիս։ Երկինքը յստակ էր, ու լուսնկան սկսած էր բարձրանալ Պանթէոնի գագաթէն։ Ծառուղին կը յորդէր բազմութեամբ ու կեանքով։ Լոյսերը կ՚իյնային սալայատակին վրայ։ Կը քալէի անուշադիր ու երազուն, եւ ինծի կը թուէր, թէ պիտի պատահի տարօրինակ ու անպատմելի երջանիկ միջադէպ մը։