տեսած ըլլայի։ Սիրտս այնպէս ուժգին կը զարնէր, որ ձեռքս դրի ձախ կրծքիս վրայ ու նայեցայ անոր դէմքին, որ տարօրինակ կերպով տժգոյն էր ու գեղեցիկ։
Անոր աչքերը խոշոր էին ու շատ սեւ՝ երկար արտեւանունքներով, դէմքը՝ արու ու խիստ, բայց կատարեալ։ Ու ինչ որ անդիմադրելի էր, իր շրթունքներն էին՝ նուրբ ու զօրաւոր։ Կզակը հազիւ ծածկուած էր աղուամազերով։ Կը ծխէր խոշոր գլանիկ մը եւ կը նայէր հեռուն։ Ու կը թուէր, թէ կը մտածէ վտանգաւոր ու խոր բաներու մասին։
Ես նայեցայ անոր ձեռքերուն, որոնք սպիտակ ու գեղեցիկ էին, եւ զգացի, որ կրնայի ներել իրենց, եթէ իմ մէջքս գրկէին։ Անոր գլանիկի ծուխին ալիքները կը հասնէին դէմքիս, ու ինծի կը թուէր, թէ կը կքիմ մեծ երջանկութեան մը բեռին տակ։
Յանկարծ ան խզեց լռութիւնը եւ յուզումէ ծանր ու վայրենի ձայնով ըսաւ, որ իմ բերանս կը նմանի մեծ ու կարմիր վէրքի մը, երբ սիրոյ տրտում ու արիւնոտ երգեր կ՚արտասանեմ։ Ըսաւ, որ ինք պիտի ուզէր մեռնիլ, եթէ գիտնար, թէ ես իմ մատներովս պիտի կարէի իր պատանքը ու յետոյ ստեղանիներուն վրայ պիտի նուագէի եղանակ մը, զոր ինք դաշնակած էր աշնան ցուրտ ու անձրեւոտ գիշեր մը, առաջին անգամ երբ զիս տեսած էր, որ կը կոչուի «Մահուան առագաստ»։
— Երբեմն,— շարունակեց տժգոյն ու աչքերը գետին,— կը մտածեմ գրել իրեն ու շնորհակալութիւն յայտնել երջանկութեան ու յուզումի բոլոր այն պահերուն համար, որ իր արուեստը պատճառած է ինծի։ Որովհետեւ կը բաւէ, որ ան արտասանէ բանաստեղծութիւն մը, ու ահա մինչեւ այդ ինձ ծանօթ երգը կ՚այլակերպուի, կը գեղեցկանայ ու կը խորանայ, եւ ես կը զարմանամ, թէ ինչպէս մինչեւ այդ օրը ես չեմ կրցած զգալ զայն իր ամբողջ ուժովը։ Ձայնի ելեւէջ մը կամ բառի մը ընկերացող շարժում մը, աղաղակ մը իր շրթներուն վրայ եւ կամ հեծկլտուք մը աչքերուս առջեւ կը բանայ զգայնութիւններու ու երազներու ընդարձակ աշխարհ մը։ Եւ ինծի կը թուի, թէ եթէ իր լուսանկարը ունենամ սեղանիս վրայ, սենեակս պիտի լենայ իր ներկայութեամբը։
Լռեց։ Ու ինծի թուեցաւ, թէ տկար եմ։ Մեծ տրտմութիւն մը ողողեց մարմինս։ Կ՚ուզէի նայիլ անոր տժգոյն դէմքին ու կը տառապէի։ Խոշոր քայլերով անցայ անոր առջեւէն ու յանդգնութեամբ նայեցայ իր սեւ ու մեծ աչքերուն։ Ան կը նմանէր վայրի, երիտասարդ ու ազնուական գազանի մը, որ շղթայի զարկած են։
Վերջին գանգը տուին, ու ես սրահ մտայ։ Պիտի նուագէի Պէթհովէնէն սօնատ մը։ Բազմութիւնը սկսաւ ծափահարել։ Կարծես երազներու հեղեղ մը ողողեց զիս։ Ինծի թուեցաւ, թէ այդ տժգոյն տղան պիտի մեռնի՝ սէրէ գինով, եւ ես պիտի նուագեմ իր դաշնակած եղանակը՝ «Մահուան առագաստ»։ Նստայ աթոռակին վրայ՝ տժգոյն ու երջանիկ։ Ծափերու տարափ մը տակաւին կը զարնէր մարմինս, ու մատներս կը դողային։ Գլուխս դարձուցի հանդիսականներուն եւ խորհեցայ։ Առաջին անգամ զգացի անոնց համակրութեան ու երջանկութեան իմաստը, եւ սիրտս երջանկութեամբ լեցաւ։ Ուզեցի, որ դեռ ծափեն զիս բոլոր այդ գինով մարդիկը...
- * *
Երեկոյթէն դուրս եկանք ընկերուհիիս հետ։ Կոպերուս վրայ կը զգայի անհամար երիտասարդներու նայուածքներ, ու սիրտս աւելի ուժգնութեամբ կը զարնէր։ Կ՚անձրեւէր առատ, եւ լոյսերը կը վառէին սալայատակին վրայ։ Մինչեւ ստորերկրեայ երկաթուղիի կայարանը կը լսէի քայլերը սիրահար տղոց, որ մէզի կը հետեւէիև։ Ես կ՚ուզէի գլուխս դարձնել եւ նայիլ իրենց, բայց չէի կրնար։ Մետաքսէ թաշկինակս դիտմամբ ձգեցի գետին՝ նոյն ատեն շարունակելով քալել։
Երիտասարդ մը խնդրեց, որ կենանք։ Տղոց խումբը մօտեցաւ, ու թաշկինակս ուզեցին տալ ինծի։