Այս էջը հաստատված է
ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐԸ
Ա

Օգոստոսին, առտու մը կանուխ, քալելով Հալքիին շրջանը ընելու ելած էին Տիգրան ու Նուարդ քոյր եղբայր։ Յունաց Աստուածաբանական վարժարանին դիմացի բլրակին վրայի փոքրիկ տուներուն մէկէն դուրս ելած էին, երբ դեռ արեւը լոգանքէն ելած կոյսի մը պէս, շիկնոտ ճաճանչներ կ'արձակէր, հազիւ գրկաչափ մը բարձրացած Եագաճըգի լեռներուն վրայէն: Դէպի Աստուածաբանական վարժարանը մագլցեր էին նախ, փութկոտ քալուածքով մը, քով քովի, թարմ թարմ ամէն մէկ քայլափոխին շնչելով առտուան զով ու կեանքոտ օդը։ Յետոյ դէպ ի ծովեզերքը իջեր էին, կարելի եղածի չափ երկնցնելու համար իրենց ճամբան:

Մէկ նայուածքով ոչ ոք պիտի վարանէր ըսելու թէ քոյր եղբայր էին ասոնք։ Թէեւ, երիտասարդը — հազիւ քսանը անցած — միջահասակ ու