ապստամբած սիրուն գանգուրները կ’ամփոփէր գլխարկին տակ: Եւ երբեմն ալ.
― Կամա՛ց տղաս, չիյնա՜ս, կ’ըսԷր սիրուն շեշտ մը դնելով «տղաս» բառին վրայ ու ինքն ալ խնդալով Տիգրանին ունեցած մէկ տարուան տարիքի առաւելութեան մէջ սղմեցնելուն համար այդ բառը։
Ճամբան հասան վերջապես ու սկսան քալել երկու կողմի խիտ եղերքներուն մէջէն՝ որոնք արեւին ճաճանչները դեռ չէին ձգեր գալ գիշերուան տամկութիւնը ջնջելու։ Ծառերուն ու գետնին կանանչութիւնր, դեռ նոր ներկուած կարծես, կը ժպտէր ամեն կողմէն։ Երբեմն երբեմն տերեւներուն մէկ բացուածքէն սպրդած ճառագայթներ, երկար ու նուրբ վէտվէտումով մը կ’ոստոստէին ճամբուն վրայ, թեթեւ հովին, քմահաճոյքին համեմատ:
Քիչ մը ետքը եղբորը ձեռքի նուրբ գաւազանը առաւ Նուարդ ու ճամբուն փոշին ծեծելով անով.
― Նա՛, ըսաւ, ամէն մարդ կ’անցնի ասկէ, այնքան անցուած է որ տե՛ս փոշիին մէջ կը թաղուի ոտքերնիս, ի՞նչ հաճոյք կայ ասկէ երթալուն մէջ, պարզ ընդօրինակութիւն մը ամէնուն ըրածին, ինչ որ չեմ սիրած և չպիտի սիրեմ բոլոր կեանքիս մէջ, եկո՛ւր տղա՛ս, քիչ մը վերէն երթանք:
Եւ ծառերուն մէջ խորասուզուեցան դարձեալ։ Առանց ուշադրութիւն ընելու ճամբուն, խորասուզուեցան անտառին մէջ որոշ ուղղութեան մը հետեւելով միայն։ Երբեմն այնքան խիտ թուփերու մէջ շրջապատուած կը գտնէին ինքզինքին, որ Տիգրան ձեռքի նախաճաշի փոքր ծրարը վար կը դնէր, երկու ձեռքերով կ’գրկէր մէկդի կ’առնէր մացառները որպէսզի Նուարդ անցնի առանց վրան գլուխը պատռելու։