Եւ ան, ժպտելով, միշտ ժպտելով, մատովը պզտիկ ապտակ մը զարնէր եղբօրը երեսին, շնորհակալութեան փայփայանքի պզտիկ ապտակ մը ու կ’անցնէր:
― Արսէնիօս հասանք, ըսաւ վերջապէս Տիգրան, դեռ հեռո՞ւ է ըսած տեղդ:
― Երկուր, ըսաւ ան շրջան ընելով վանքի ետեւի կողմէն ու Չամ―Լիման տանող ճամբան ձախ կողմը ձգած դէպի ծովեզերք իջնելով:
Բաւական ատեն եղեւիններու մէջէն զիկզակող քարուտ նեղ արահետէ մը վար իջան: Տիգրան Նուարդին կ’հետեւէր քայլ առ քայլ: Յանկարծ, եղեւիններուն խիտ ցանցին մէջէն դուրս ելան ու ծովուն իշխող փոքրիկ դարեւանդի մը վրայ, արեւուն դիմացը, ենկողմանեցաւ Նուարդ.
― Եկուր տղա՛ս, քովս եկուր, ըսելով Տիգրանին:
Դէպի Մեծ կղզիին վրայ բարձրացեր էր հիմա արեւը, և երկու կղզիներուն մէջտեղ՝ ծովուն մէջէն, ադամանդէ շողերով փողփողուն լուսեղէն ճամբայ մը շիներ էին ճաճանչները,― ճամբայ մը որ կը ծփար, կը խայտար, կը վէտվէտէր ալիքներու տատանումովը: Մեծ կղզիին ապարանքները կը փայլէին դիմացը: Ասդին ձախ կողմը Մարմարան կը տարածուէր, հեռո՜ւն, հեռո՜ւն, տարտամօրէն սահմանափակուած, հորիզոնին մօտ, Պրուսայի ամպածրար լեռներովը: Այդ ահագին միօրինակութիւնը հեզուկին, զով շունչ մը կը բերէր իր խորութիւններուն մէջէն, պղպջանքներուն ծոցը, հաւասարակշռելու համար ամրան տապը։ Օգոստոսի առտուանցավ, և գարնան հմայք մը տալու այդ