տեղւոյն: Աջ կողմը Չամ―Լիմանի սիրուն փոքրիկ ծովախորշը՝ որուն դրան սեմին մէկ կողման վրայ նստած էին կարծես քոյր եղբայր՝ իր սիրուն պզտիկութիւնովը գեղեցիկ հակապատկեր մը կը յօրինէր Մարմարային հետ: Եւ կղզիին ամբողջ ծառերով զարդարուած այդ կլորութիւնը՝ որ խաւ խաւ վար կ’իջնէր մինչեւ ջուրին եզերքը՝ շքեղօրեն ցուցադրուած էր հոն աչքերուն դիմացը:
― Ի՞նչպէս… ըսաւ Նուարդ, այդ մէկ բառին երկայնութեանը մէջ ամփոփելով իր հարցումը:
― Հիանալի, գիւտ մը ըրեր ես քո՛յրս, իմ աշխարհագրութեանս մէջ Նուարդի հրուանդան պիտի ըսեմ ասոր, յարեց Տիգրան խնդալով:
Եւ ըստ քմած տարածուած՝ հողին վրայ, ու գլուխն ալ քրոջը ծունկին կռթնցուցած, մերթ երկնքի անբիծ կապոյտը դիտելով փոխն ի փոխ, լիաթոք սկսաւ շնջել անտառին առտուան մեղմ ու անուշաբոյր օդը:
― Տիգրա՛նս, ըսաւ Նուարդ երիտասարդին մազերն շոյելով, աղւոր Տիգրա՛նս, որչափ շատ կը սիրեմ զքեզ:
― Արդէն սիրոյ համար ստեղծուած էակ մըն ես դուն հոգիս, ըսաւ Տիգրան անոր քնքուշ ձեռքը համբուրելով մեղմիկ, բան մը ատել չես կրնար արդէն, այնքան փափուկ է սիրտդ:
― Ո՛չ տղաս, մի չափազանցեր, կրնամ ատելութիւն ալ ունենալ, ո՜հ մանաւանդ աշխարհի վրայ