Այս էջը հաստատված է

հրաբուխի մը պէս: Հիմա շաբաթէ մը ի վեր հրաբուխը ժաձթքեր էր:

Տիգրան որչա՜փ երախտագէտ եղաւ հօրը՝ երբ տեսաւ թէ ան, ինչպէս իր, նոյնպէս և քրոջը կրթութեան ու զարգացման համար որևէ զոհողութիւն չէր խնայած, հակառակ իր համեստ արհեստաւորի վիճակին:

Տղան գիտէր թէ ազնիւ քոյր մը գանձ մըն է երիտասարդի մը համար, թանկագին գանձ մը, և այդ գանձին արժէքը այնքան աւելի կը մեծնա՛յ արքան այդ քոյրը, զարգացած, կրթուած, բարոյապէս նրբացած ու սրտի մը պէտքերը հասկնալու կարող եղած ըլլայ:

Հիմա զիրար կ’ըմբոշխնէին երկունքն ալ, ազատօրէն, անյագօրէն: Նուարդ՝ արդէն քիչ մը զուարթ՝ հիմա շաբաթէ մը ի վեր, ուրախութենէն կը ճառագայթէր: Հարցումներու անվերջ անհատնում տեղատարափ մը սկսեր էր ան թափել Տիգրանին գլխուն, իր հինգ տարուան կեանքին վրայ՝ դպրոցականի կեանքին ամէն մէկ մանրամասնութիւնները կամաց կամաց կը պարզուէին այդ հարցումներուն առջեւ: Տիգրան ի բնե լուրջ, հանդարտ խօսուածքով մը կրցածին չափ կը պատասխանէր իր քրոջը անկապակից հարցումներուն՝ որոնք առջի օրերը մանաւանդ, զիրար կ’ընդմիջէին, զիրար կը կտրատէին շարունակ: Քրոջական սիրոյն յորդումը կը տեսնէր տղան այդ հարցումներուն մէջ ու կը ձգեր որ այդ քնքուշ ու փափուկ հեղեղը ողողէ զինքը:

Հողին վրայ՝ դէմ դիմաց, նախաճաշեցին հոն հաւկիթով ու պանիրով առտուան պտոյտէն