Այս էջը հաստատված է

«Հայերէն ալ գիտէ՜ր: Երբէք չպիտի մոռնամ այդ հարցումը. երբէ՜ք: Ինչ սիրուն, ի՞նչ թովիչ խօսուածք, համակ մեղմութիւն, համակ ներդաշնակութիւն: Հայերէնը իր բուն առոգանութենէն, արեւելեան բնական հնչումէն կը մերկացնէր իրա՛ւ, բայց անոր տեղ, այնպիսի բեկբեկուն, այնպիսի անուշ, այնպիսի փրփրոտ ներդաշնակութիւն մը կուտար անոր, որ մարդ կը հիանար կ’ուզէր ժամերով, օրերով մտիկ ընել»:

«Յետոյ, ծննդավայրս, անունս հարցուց և ուրիշ մի քանի մանր մունր բաներ ալ զորս չեմ յիշեր հիմա: Մեքենաբար կը պատասխանէի ալ իրեն: Աչքերս կերակուրի պնակիս փոքրիկ կլոր շրջանակին մէջ բանտարկուած էին:

«Մինչեւ այն ատեն երբէք այս տեսակ յուզում մը չէի ճանչցած, ինչի՞ վերագրել: Մտքէս կրնայի՞ անցնել թէ սէր էր ան, առաջին թրթռացումը սիրոյ, պաշտումի խաղին. այն լուռ մնացած էր հոգիիս խորը դեռ մինչեւ այն ատեն ― բարակ, նուրբ, անուշ խաղին պէս դաշնակի մը որ լուռ կը մնայ երկայն ատեն և օր մըն ալ քնքուշ, փափուկ մատ մը կուգայ հնչեցնել, կեանք տալ անոր»:

«Մանաւանդ, կրնայի՞ երեւակայել որ ինծի պէս 15―16 տարեկան տղայ մը կարող ըլլայ իրեն գրէթէ կրկին տարիքը ունեցող աղջկան մը համար սէր զգալ, ան ալ առաջին նայուածքով»:

«Յետոյ ամէն անգամ որ պատահէի իրեն, ճիշտ միեւնոյն յուզումը կը գրաւէր զիս, ամէն մէկ անգամուն քիչ մը աւելի խորունկ: Շաբաթներով, ամիսներով չկրցայ մտքիս մէջ պատասխան մը գտնել այդ «ինչու»ին»: