«Զինքը տեսնելէս շաբաթ մը ետքը բաւական բան գիտէի իր կեանքին վրայ»:
«Տարի մը առաջ նշանուած էր, Անգլիական գաղթականութեան անդամներէն մէկուն: Սակայն՝ քանի մը ամիս առաջ բաժնուած էին իրարմէ, նշանածը ― որուն գլխին բռունցքի հարուած մը իջեցնել կուդար ամէն տեսնելուս ― բաժնուիլ ուզած էր ուրիշ աւելի բարեկեցիկ աղջիկ մը գտած ըլլալուն համար ― մանաւանդ որ տժգոյն ու հիւանդոտ դէմք մը ունէր Միս Իզամէլ: Մինչդեռ իր նոր նշանածին վրայ առողջ Անգլիացի աղջկան ամէն հանգամանք կը տեսնուէր»:
«Ատիկա, հիւանդ ըլլալուն համար լքուած ըլլալը խորունկ կարեկցութեամբ մը համակեց զիս»:
«Ինք կատարեալ տիպար մըն էր, բարութեան, հեզութեան ու անուշութեան: Առանց ամէնաթեթեւ մրմունջի մը «գնա՛ ազատ ես» ըսած էր այն անսիրտին՝ զոր թերեւս ալ ― ո՞վ գիտէ ― սիրա՜ծ էր… Միջակ դասակարգի, համեստ աղջիկ մըն էր ինք, որ ընտանիքէն հեռու կեանքը կը շահէր, մասնագէտ―մանկապարտիզպանուհիի հմտութեամբ»:
«Չեմ գիտեր թէ իր նշանածէն լքուած ըլլալուն պատմութիւնը ինչ ազդեցութիւն պիտի ընէր ուրիշ որևէ մէկու մը վրայ, սակայն ես ալ աւելի ջերմ համակրութեամբ մը կապուեցայ իրեն հետ հոգիիս խորէն»:
«Համակրութիւն կ’ըսեմ դեռ, որովհետեւ այն ատեն տակաւին չէի կրնար հաւատալ թէ սէր էր զգացածս»:
«Բայց անշուշտ յարգանքի աչքառու