Այս էջը հաստատված է

արտայայտութիվն մը կար իմ իրեն հանդէպ ունեցած վարմունքիս մէջ, որովհետեւ ամէն անգամ որ ― ամիսը կամ երկու շաբաթը մէկ մը ― պատահէի իրեն, բաներ մը կը գտնէր ինծի հարցնելիք, իր հրեշտակի ժպիտով ժպտելով: Որպիսութիւնս կը հարցնէր, Անգղիերէնի մէջ ըրած յառաջադիմութիւնս կը հարցնէր, ազնիւ, հոգածու հարցում մը կը ցտնէր վերջապէս ընելու»:

«Առաջին տարին այսպէս անցաւ»:

«Արձակուրդին, ան մեկնեցաւ: Առողջութիւնը, ամէն տարի, երկար պտոյտներ կը պահանջէր. փափո՜ւկ, վարդի մը պէս փափուկ էր և բժիշկները անհրաժեշտ նկատեր էին ճամբորդութեան այդ կազդուրումը իրեն համար ամէն տարի»:

Ե․

«Կարծեցի թէ մեկնելէն քիչ մը յետոյ պիտի մոռնամ զինքը ― մանաւանդ որ տարուան մը աշխատութենէ ետքը արձակուրդը հոն անցնող ընկերներուս հետ, փառաւորապէս զուարճութեան կուտաինք ինքզինքնիս: Ո՛չ, սակայն, անկարելի եղաւ զինքը մոռանալ, բացարձակապէս անկարելի: Զուարճութեան, պտոյտի, զբօսանքի աշխատութեան մէջ, ամէն ատեն վերջապէս կը յիշեի զինքը: Միշտ կը յիշեի, իր հրեշտակային դէմքը միշտ ալ աւելի խորապէս կը դրոշմուէր երեւակայութեանս մէջ, խորունկ կարօտի մը պէս՝ զոր ժամանակին անիւը, ամէն մէկ դարձին ալ աւելի խորը կը մխէ սրտիդ»: