«Իր բացակայութեան միջոցին ամէն մանէ աւելի աշխատութեան տուի ինքզինքս, այնպէս որ դպրոցի վերաբացումին նոր կարգ մըն ալ փոխեցի: Մեր դպրոցի բացումէն երկու օր ետքը կարծեմ, ինք ալ վերադարձաւ: Առաջին տեսութեանս, շատ յուզուեցայ դարձեալ, և յայտնապէս գրեթէ: Բայց ալ այնուհետւ բաւական վարժուեցայ առ երեւոյթս գէթ հանդարտ ըլլալու, ամէն անգամ որ զինքը տեսնէի: Ալ Անգղիերէն խօսիլ սկսած էի բաւական, իր գոհունակութիւնը կը յայտնէր ինծի շատ անգամ, արագ յառաջդիմութեանս համար: Եւ ամէն բանէ աւելի, այդ գոհունակութեան արտահայտութիւնը վայելելու համար մանաւանդ եռանդով կ’աշխատէի դասերուս»:
«Շատ անգամ տնօրէնին հետ խորհրդակցելու կուգար, և ատոր համար ստիպուծ էին մեր դպրոցին պարտէզէն անցնելու. եթէ դասերս չարգիլէին անպատճառ պարտէզը կ'ըլլայի իր անցած ատենները: Եթէ շատ հապճեպի մէջ ըլլար՝»
«― Good after ―noon Dicran!»:
«Եւ կամ ընկերներով եղած ատենս».
«― Good after ―noon boys! կ’ըսէր իր անուշ ձայնովը ժպտելով ու կ’անցնէր: Շատ անգամ ալ կը կենար քանի մը վայրկեան ու կ'խօսէինք: Սիրելի Նուարդս ինչպէս ինծի համար կենսական պէտք մըն էին ձենէ եկած նամակները՝ որոնցմէ հանգիստ ըլլալնիդ կ’իմանայի՝ կ’զգայի թէ ճիշտ այնպէս, և աւելի, պէտք մըն էր զինքը տեսնելն ալ»:
«Երջանիկ պիտի ըլլայի, իբր քոյր, իբր