Այս էջը հաստատված է

առնելով չէր որ սոված էր, մտածելով, կենալով, չգիտցած ամէն մէկ բառին համար չորս հինգ գիտցած բառերով բացատրութիւններ շինելով կը խօսէր, բայց ճիշտ ատոր համար կ’ուզէի որ մանաւանդ հայերէն խօսէր. բան մը փնտռած ատեն մատը ճակատին կը տանէր ու թարթիչները կէս մը խփելով անբիծ նայուածքը կ'ուղղէր խօսակցին վրայ: Եւ այն ատեն, նայուածքին վրաս ուղղուիլը զգացած պահուս, տարօրինակ շքեղ բան մը կ'զգայի ինքզինքիս մէջ ― բան մը որուն ինչ ըլլալը ես ալ չէի գիտեր, բայց երկնային լոյսէ մը ողողուած, վերացած ու երջա՜նիկ կ’զգայի ինքզինքս»:

«Չորրորդ տարին, առաջին անգամ ըլլալով, իր սենեակը մտայ. ճոխ գրադարան մը ունէ, իմացած էի թէ բարձրագոյն կարգէն մի քանի աշակերտներու գրքեր փոխ կուտար կարդալու համար: Օր մը, պատեհ առիթի մը հարցուցի որ ես ալ կրնայի՞ ստանալ արդեօք»:

«― Ինչո՞ւ չէ, շատ սիրով, եկէք առէք, պատասխանեց»:

«Հետեւեալ օրը, այդ առթիւ գացի սենեակը: Շատ դժուար է ըսել թէ ի՜նչ խորունկ երկիւղածութեամբ ներս նետեցի ոտքս այդ դրան սեմէն: Իր սովորական սիրալիր ժպիտով ընդունեց զիս»:

Երկու պատուհանով ― մին փողոցին և միւսը պարտէզին վրայ ― քառակուսի ոչ շատ ընդարձակ սենեակ մըն էր, մանկապարտէզի դպրոցի կողմին անկիւնը: Շատ ճաշակաւոր կերպով կահաւորուած էր, արեւելեան ոճով, գորգերով զարդարուած