չվերադարձուած, հապճեպով կը կարդայի ամբողջութիւնը, տարտամ գաղափար մը կազմելու համար գոնէ հատորին վրան ― և ան ալ իր երբեմնի հարցումները անպատասխանի չձգտելու մտածումով»:
«Գրեթէ մասամբ բարեկամացած էինք ալ»:
«Կրօնական խնդիրներու վրայ կը խօսէինք երբեմն»:
«Ո՜հ, իր ըմբռնումները, Քրիստոսի վարդապետութեանց նկատմամբ, ի՜նչ լայն, ի՜նչ վսեմ էին: Այնպիսի բարձրութենէ մը կ’արձակէր իր հայեացքները այդ մասին, որ եկեղեցիներու խտրութիւնները չէին երեւնար իր աչքին»:
«Քանի զինքը ճանչնայի այնքան աւելի կը հիանայի իր վրայ, քանի իր անբիծ ու վսեմ հոգիին խորը տափանցէի, այնքան կը զօրանար, կ’ամրապնդուէր այն անխզելի կապը որ ալ իրեն կը կապէր զիս»:
«Որչա՜փ ալ միամիտ Աստո՜ւած իմ, որչափ ալ պարզ ու միամիտ»:
«Օր մը, միասին դպրոցական փոքրիկ հանդէսի մը յայտագիրը կը գրէինք Rémington մեքենայով»:
«― Միս Իզապել, ըսի, ի՜նչ աղւոր բան է սա մեքենանիդ»:
«― Indeed! (իրաւ), ըսաւ, աղւոր մեքենայ է, բայց իմս չէ՛, օհ no dear, այս մեքենան առ նուաղն քսան ու հինգ ոսկի կ’արժէ, և ես մեքենայի մը քսան ու հինգ ոսկի տալու չափ հարուստ չեմ եղած երբէք»:
«Ես որ սկիզբէն ի վեր անկեղծութեան