«Շատ անգամ շքեղ տեսարանի մը առջեւ իր հայրենիքին այն ինչ տեղը, իր հոնտեղի սիրելիները կը յիշէր: Իրենց երկրին բարքերուն վրայ խօսած ատեն՝ չմոռնալով սակայն առաւելութիւններուն հետ անոր յոռեմասնութիւններն ալ թուելու»:
«Այնքան քիչ տեւեց այս ճամբորդութիւնը ― շաբաթ մը ընդամէնը ― որ դեռ վայելելս ըմբռնել չկրցած սահեցաւ գնաց երազի մը պէս ― աղւոր անուշ երազի մը պէս՝ որմէ տարտամ գիծեր միայն մնացած կ’ըլլայ արթնցած ատենդ»:
«Ինչպէս ըսի, վերջին տարին, դպրոցին մէջ վայելած ազատութիւնս քիչ մը աւելի ստուարացնելու նպաստեց մեր տեսակցութիւնները»:
«Յետոյ պարտէզի այն մասը՝ ուր կը նայէր իր սենեակին պատուհաններէն մին՝ հիմա ազատօրեն կրնայի մտնել ամեն ատեն»:
«Գիշերները, շատ անգամ, ժամերով կ’երթայի առանձին դիտելու այն լոյսի մեղմ ցոլացումը՝ որ իր պատուհանին վարագոյրին հիւսկէններէն դուրս կը թափանցէր: Մաքուր երազներ կը հիւսէի հոն մտքիս մէջ»:
«Օր մը խօսակցութեան ատեն, ինչպէս՝ չեմ գիտեր պանդխտութեան վրայ խօսեցանք»։
«― Այրող բան է Տիգրան, ըսաւ, ընտանիքի կարօտը, ինծի որ գոնէ երկու տարին մէյ մը ծնողքս կը տեսնեմ՝ երբ այնքան դժուար կուգայ ընտանիքէս հեռու ըլլայ, հապա քեզի համար որ