Այս էջը հաստատված է

հինգ տարի է շարունակ չես տեսած սիրելիներդ, բայց բարեբախտաբար ալ ասիկա վերջինն է»:

«Վերջինը: Սարսռացի»:

«Ուրիշ օր մը, երբ դարձեալ խօսքը այս նիւթին վրայ էր դարձած և համակերպող ձայնով մը ծնողքը կարօտցած ըլլալը կը յայանէր ինծի»:

«― Բայց շատ առանձնացած կ’ապրիք, օրիորդ ըսի, թերեւս ատիկա ալ աւելի կը շեշտէ ձեր կարօտը»:

«Եւ իրաւ, ընտանեզուրկ վարուժանի մը պէս մինակ կ’ապրէր այդ հրեշտակը: Իր միակ զբօսանքը մանկապարտէզի պզտիկներն էին: Միշտ անոնցմով կ’զբաղէր: Որքան կը սիրէր զանոնք: Միշտ կը դիտէի այն գոհունակութեան անմեղ ու խորունկ ժպիտը՝ զոր իր ներկայութեանը կը ցոլացնէ այդ բոլոր սիրուն պզտիկ դէմքերուն վրայ: Ամէնէն չարաճճի, ամէնէն անառակներն անգամ հլու ու հանդարտ էին իր ներկայութեանը, և ատիկա ո՛չ թէ վախնալնուն համար ― որովհետեւ երբէք վախ չէր ազդեր իր հրեշտակի ժպտուն դէմքը ― այլ որովհետեւ կամայ ակամայ իրենց մէջ պատկառանք ու յարգանք կ’զգային հանդէպ անոր, կը հմայուէին, կը սիրէին զայն»:

«Ես որ կեանքիս մէջ, ո և է առթիւ, չեմ ունեցած տղայութեան տարիքիս վերադառնալու բաղձանքը, հիմա ի՜նչ սրտագին տենջանք մը ունէի այն պզտիկներէն մէկուն տեղ ըլլալու, այդ նուրբ, փափուկ ու թափանցիկ ձեռքին գգուանքը, չոյանքը վայելելու համար»։

«Իր սրբանուէր կեանքին միակ նպատակը անոնք էին, տղա՛քը, անոնց զարգացումը, թարմ