բաւական հեռու տեղ մը ձիերով բիքնիք ընել որոշեցինք: Որոշուած օրէն երկու օր առաջ ես անհանգստացայ և հետեւաբար չկրցայ ընկերանալ գացողներուն: Ատիկա սոսկալի կերպով յուսախաբ ըրաւ զիս, որովհետեւ գիտէի թէ Միս Իզապէլ ալ ներկայ պիտի ըլլար. ես անձամբ հրաւիարած էի զինքը, երկու օր առաջ մասնախումբին կողմէ: Անիծեալ անհանգստութի՜ւն»:
«Մինչեւ կէս օր պատեցայ սենեակիս մէջ, վերջապէս համբերութիւնս հատաւ, զգացի թէ մինչեւ իրիկուն անհամբերութիւնը պիտի սպառէ զիս. անկարելի եղաւ դիմադրել»:
«Ձի մը բերել տուի ու մեկնեցայ, առանց կարեւորութիւն տալու կողերու և ստամոքսի բաւական սաստիկ ցաւի մը»:
«Ժամ մը ետքը, արիւն քրտինք, ձիէն վար կ’իջնէի որոշուած տեղը բոլոր ընկերներուս ուրախութեան արտայայտութիւններուն մէջտեղ»:
«― Որչափ ուրախ եմ ձեզ հոս տեսնելուս, ըսաւ, իր յաւիտենական ժպիտովը երբ ձեռքը սեղմեցի, ըսել է աղէկ ես, ուրախ եմ, ճամբան բացակայութեանդ պատճառաւ իմացայ անհանգստութիւնդ և շատ ցաւ զգացեր էի: Բոլոր տղաքն ալ կ'ըսէին թէ առանց քեզի պակաս մը պիտի ըլլալ ― և իրաւունք ունէին բնականաբար’:
«Յետոյ տեսուչը քովս եկաւ»:
«― Լաւագոյն էր որ չգայիր, ըսաւ, բայց քանի որ եկեր ես զգուշացիր՝ չմսիս, մանաւանդ չյոգնիս»:
«Տղաքները ձիարշաւներ և ուրիշ տեսակ տեսակ խաղեր կազմակերպեցին, ցից զառիվերի մը՝