Այս էջը հաստատված է

կար հոն, այդ աչքերուն մէջ, սիրելի քո՛յրս, և արդպէս ըլլալուն համոզուելու համար պէտք է տեսած ըլլայ զայն, որովհետեւ մարդկային բացատրութեան միջոցները գերմարդկային ճաճանչ մը չեն կրնար նկարագրել անշուշտ»:

«Եւ այդ ճաճանչին մէջ կ’արտացոլար ահա՛ իր կուսական վեհ ու նուրբ հոգին, զոր պաշտեցի և պիտի պաշտեմ միշտ»:

«Կեանքիս մէջ որևէ ծառայութեան մը համար, այնքան լաւ կերպով, այնքան առատօրէն վարձատրուած ըլլալս չեմ յիշեր»:

Ժ․

«Մէկ անգամ մը միայն ճաշաճ եմ իր սենեակին մէջ, թէև շատ անգամներ թէյի հրավիրուած ենք հոն ընկերներով»:

«Արձակուրդի օր մըն էր, բարեկամի մը հետ գացեր էինք իրեն այցելելու»:

«― Կը հաճի՞ք իմ փոքրիկ սեղանիս վրայ ինծի սեղանակից ըլլալ այսօր, ըսաւ»:

«Բարեկամս կը վարանէր պատասխանելու: Բայց Աստուած իմ, կարելի՞ բան է այդքան ազնիւ ու այդքան անկեղծ հրաւէր մը մերժել: Երկուքնուս կողմանէ ալ հաւանութիւն յայտնեցի ես»:

«― Միշտ մինակ կը ճաշեմ, ըսաւ, երբ սեղան նստանք, և կրնաք երեւակայել թէ այս բացառութիւնը որչափ հաճելի է միշտ մինակ եղողի մը համար»:

«Երկու անգամ արտասանուած այդ «մինակ» բառը երկու հատ սուր սլաքներ մխեց սրտիս