Այս էջը հաստատված է
ԺԱ.

«Վերջին տարին քանի մը անգամ հիւանդացայ»:

«Օր մը, անկողնէն նոր ելած, արեւին, պարտէզը պտտած ատենս պատահեցանք իրարու»:

«― Տիգրան, ըսաւ, կ’երեւի թէ չափազանց կ’աշխատիս, ինքզինքդ չես նայիր աղէկ, քոյրիկդ եթէ իմանայ պիտի սրդողի քեզի»:

«Քու վրադ խօսած էինք երբեմն, գիտէր թէ շատ կը սիրէի զքեզ»:

«Ինքն ալ, արդէն ― ինչպէս ըսի ― տկար ու փափուկ, շատ անգամ անհանգիստ կ'ըլլար: Սիրտս որքան կը հատնէր»:

«― Ինչո՞ւ, կ’ըսէի ինքնիրենս, ինչո՞ւ քովը չկարենամ ըլլալ, հիւանդապահներուն էն հոգածուն, բարեկամներուն էն անկեղծը, ծառաներուն էն յարգալիցը չկարենայի ըլլալ իրեն»:

«Իրիկուան, պարտէզը սիրտս դողով լեցուն իր սպասուհին կը փնտռէի, հարցնելու համար թէ ի՞նչպէս էր»:

«Յետոյ՝ սենեակս կ’երթայի ու կ’աղօթէի իրեն համար, հոգիիս ամէնէն ուժգին թափովը»:

«Գիտես թէ որքա՜ն կը սիրեմ Նուարդը: Դպրոցին մեծ երգեհոնը սակայն, բնականաբար՝ չէր կրնար իմ տրամադրութեանս տակ ըլլալ միշտ, մանկապարտէզը պզտիկ երգեհոն մը ունէին, անոր վրայ նուագելու կ’երթայի երբեմն իրիկուան դէմ, դասերուս աւարտումէն ետքը»:

«Ամէն երթալուս նախ ուղղակի վեր