կ’ելլէի Միս Իզամէլէն արտօնութիւն ուզելու ― թէեւ այդ արտօնութիւնը միանգամ ընդ միշտ տրուած ըլլար արդէն»:
«Դողացող մատներով սենեակին դուռը կը զարնէի ու շունչս բռնած, բոլոր ուշադրութեամբ կ’սպասէի իր սիրուն երկար «come!»ին (մտէ՜ք)»:
«― Ի՞նչպէս էք Տիգրան, հանգի՞ստ էք»:
«― Շնորհակալ եմ»:
«― Չէ՞ք նստիր վայրկեան մը»:
«― Ոչ, Օրիորդ, շնորհակալ եմ, եթէ արտօնեք քիչ մը երգեհոն պիտի զրնեմ վարը»:
«― O yes! Dear! կրնաք զարնել, ինչու չէ՜»:
«Միշտ արտօնութիւն առնելու գացած ատենս, կը դողայի որ միանգամ ընդ միշտ զարնելու՝ որոշ հրաման չտայ, և այդպէսով երբեմն զինքը տեսնելու պզտիկ առիթէ մը չզրկէ զիս»:
«Վախս չիրագործեցաւ սակայն, անշուշտ բոլորովին չէր կրնար տնտեսել զինքը տեսնելու բաղձանքս ու ատով զգացած գոհունակութիւնս, և իրեն անսահման բարութիւնը պատճառ մը չէր գտներ այն գոհունակութիւնը ինձ զլանալու»:
«Կիրակի օրերը, ժամ մը, կրօնական դասեր կուտար, բարձրագոյն կարգէ, փափագող աշակերտներուն: Ես որ առաջ կատարելապէս անտարբեր էի այդ տեսակ բաներուն, այն տարին սկսայ ուշի ուշով հետեւիլ իր տուած դասերուն, ու լաւագոյն սորվողներէն մին ըլլալ ամէն ատեն: Ընկերներս բողոքականութեան նորաբոյս ձգտումի մը վերագրեցին այս ընթացքս: