բարձբացումը իր միջոցաւ: Ո՜հ, բոլոր կեանքս վերելք մը ըլլար դէպի իտէալը, դէպի իր բարձրութիւնը, ուր առնէր տանէր զիս քայլ առ քայլ ձեռքէս բռնած, մանկապարտէզի պզտիկ տղու մը պէս՝ որուն ձեռքէն բռնած սանդուղներէն վեր կը հանէր շատ անգամ»:
«Տարին կը լրանար սակայն ― վերջի՜նը»:
«Իրմէ բաժնուելու ― թերեւս առ յաւէտ ― գաղափարը՝ որուն վրայ կամայ ակամայ ստիպուած էի երբեմն անդրադառնալ՝ սարսուռ կ’ազդէր հոգիիս: Իր տեսքը, իր ժպիտը, իր խօսքերը կեանքիս մէկ տարրական պէտքը եղեր էին ալ, ինչպէ՞ս բաժնուիլ անկէ»:
«Արձակուրդին մօտ, տխուր էի, ամէն մարդ քիչ մը նշմարեց ատիկա, ամէնքն ալ պատճառը կը հարցնէին»:
«Ինքն ալ»:
«― Որովհետեւ պիտի մեկնիմ դպրոցէն, բնական չէ՞, հինգ տարին կեանք մըն է, պատասխանեցի»:
«― Անշուշտ, ըսաւ, երբ մանաւանդ քեզ պէս մարդ այսքան սիրուած ըլլայ դպրոցին մէջ»:
«Եւ ատոր պատճառը այն է որ դուն դպրոց, ընկերներ, բարեկամներ շատ կը սիրես, այնքան շատ որ ընտանիքիդ քով վերադառնալու ուրախութեան հետ կը մրցի անոնցմէ բաժնուելու վիշտը»: