«Աստուած իմ, եթէ գիտնա՜ր , եթէ գիտնա՜ր թէ այո՛ կը սիրէի դպրոցը, ընկերներս, բարեկամներս, բայց մէկը կար՝ որուն սիրոյն քով առ ոչինչ կրնայի գրել այդ ամէնքը, բոլոր աշխարհը, հոգիիս խորը թողուած սէր մը՝ պաշտում մը կար՝ որուն ջերմութեան մէջ ամբողջ աշխարհը կրնայի հալեցնել… Եթէ գիտնա՜ր թէ ատիկա, այդ «մէկը», ինքն էր, ինքը… բայց ո՛չ, երբէք պիտի չգիտնար, երբէք»:
«Եւ չգիտցաւ»:
«Ինքը այնպիսի էակ մըն է՝ որուն մարդ հեռուէն կրնայ հիանալ զմայլիլ, էակ մը զոր մարդ կրնայ հեռուէն սիրել՝ պաշտել՝ բայց մօտենա՜լ, հպի՜լ, երբէք ո՜հ երբէք: Սուրբ լեռան մը վրայ կանգնած հրեշտակ մըն էր՝ որուն մահկանացուները չեն կրնար մօտենալ, լեռան ստորոտը գծուած սահմանէն անգին չեն կրնար անցնիլ երբէք»:
«Սէր չեր զգացածս, այն սէրերէն չէր որոնց ունենալու, վայելելու սպառիչ, կիզիչ տենչանք մը, անյագ փափաք մը կ’ընկերանայ: ես երբէք բան մը չէի ուզեր իրմէ, բաց ի զինքը հեռուէն կարենալ տեսնելու, կարենալ պաշտելու արտօնութենէն, բացի անկէ զոր վայելած էի մինչեւ հիմա, և զոր ձեռքէս խլել կ'սպառնային»:
«Սիրելի քո՛յրս, միշտ այդ իտէալ բարձրութեան վրայ մնացած է սէրս, երբէք բիծ մը չարատաւորեց այդ պաշտումիս անբծութիւնը»:
«Միշտ իր անհասանելի բարձրութեան մէջ դիտեցի զինքը. բարձրութիւն մը ուրկէ ան մտքիս մէջ, երկվայրկեան մը իսկ վար չիջաւ երբէք»: