Այս էջը հաստատված է

էր. ամէնքը կը սիրէին զիս, ինչո՞ւ ― ատիկա չէի գիտեր և ի՞նչ պէտք ունէի գիտնալու»:

«Մտքիս մէջէն կը յեզյեզէի «Գրեթէ առանց բացառութեան»ը. ուրե՞մն, այդ «ամէնքը» զինքն ալ կը պարունակէր, ուրե՞մն ինքն ալ կը սիրէր զիս, քիչ մը գոնէ ― անտարակոյս: Քանի որ այդքան տղաքներ այդքան մարդիկ ― որոնց մէջ տեսակներու այլազանութիւնը չէր որ կը պակսէր անշուշտ ― կը սիրէին, ինչպէ՜ս հաւատալ որ ինք, այդ հրեշտակի նման բարի, հրեշտակէ մը աւելի բարի էակը չսիրէր զիս»:

«Ի՜նչ ուրախութիւն Աստուած իմ, սիրուիլ անկէ, անկէ, քիչ մը գոնէ, ամէնուն չափ գոնէ: Ի՜նչ երջանկութիւն»:

«Ահաւաստիկ միակ սիրոյ խոստովանութիւնը զոր լսեցի իրմէ ― կամ ուզեցի որ լսած ըլլամ. ինչո՞ւ ուրիշ տեսակ տրամաբանութեամբ մը զրկէի ինքզինքս այդ երջանկութենէն»:

«Մեկնելու համար ոտքի ելած ատենս ծունկերս սկսած դողալ»:

«― Դեռ վաղն ալ պիտի տեսնեմ, ըսի ինքնիրենս, և ատիկա ոյժ տուաւ ինծի, իրմէ սիրուած ըլլալու գաղափարին հետ»:

ԺԶ.

«Յաջորդ օրը ամէնէն հրաժեշտ առի հետեւեալ առտուն կանուխ պիտի մեկնէինք: Որոշեցի էն ետքը իրմէ երթալ հրաժեշտ առնել, բայց ինչպէ՞ս, պիտի կրնայի»:

«Իրիկունդ դէմ սրտատրոփ վեր ելայ ման