Այս էջը հաստատված է

Անկէ ի վեր քանի՛ քանի անգամներ երբ ըմբոստ սիրտս կը վարանէր ծնրադրելու գերագոյն էակին առջեւ, իր յիշատակը, ինքը ― միշտ ներկայ քովս ― միջնորդներուն էն պատկառելին եղած է իմ ու Աստուծոյ միջեւ:

Իր յիշատակը ճե՛ր―ճերմակ մնացած է հոգիիս խորը, երկնից ջինջ կապոյտին խորը պահուած աղւոր, սիրուն ամպիկի մը պէս:

Պաշտումի անո՜ւշ, մեղմ ու մաքուր վերյուզում մը, որուն վրայ բոլոր էութիւնս կը գուրգուրայ: Մտքիս մէջ՝ վերը, վերը, անհասանելի բարձրութեան մը մէջ, կեցած է միշտ իր ջինջ պատկերը,որուն առջեւ միշտ երկիւղածութեամբ կը ծնրադրեմնոյն իսկ ամէնէն փոթորկայոյզ վայրկեաններուս մէջ:

Միշտ պիտի օրհնեմ զինքը:

ԺԸ.

Տիգրան լռեց, աչքերը փակ:

― Յիշատակ մը ունի՞ս իրմէ, հարցուց Նուարդ:

― Յիշատա՞կ… զինքը ունիմ ամբողջ հոգիիս խորը. իսկ իրմէ արուա՞ծ, ահաւասիկ ասոնք ունիմ:

Ու գրպանէն հանեց աղուոր վարդագոյն Christmas-card մը ու այցետոմս մը, խնամքով թուղթի մէջ պահուած:

― Այս Christmas-cardը, ծնունդի մը ղրկած է ինծի փոխադարձ: Իսկ սա այցետոմսը ― մոռցայ ըսելու ― մեկնած առաւօտս բարեկամ մը բերաւ տուաւ ինծի, պահարանի մը մէջ որուն վրայ անունս գրուած էր. օր մը առաջ, Միս Իզապէլը,