Երեք տարի ետքը 1880ին Իզմիրի մէջ ճանչցայ Տիգրանը. Միս Իզապէլին հոն հաստատուելովը ինքն ալ փութացած էր հոն գալ:
Բարեկամացանք, յետոյ մտերմացանք:
Քոյրը ամուսնացած ու Ֆրանսա գացած էր:
Երկու տարի միասին ապրեցանք Իզմիրի մէջ, երբեմն առիթ կ’ունենար տեսնելու զայն, և ատիկա կը բաւէր իրեն:
Երկրորդ տարւոյն վերջրեը՝ ընտանեկան գործեր ստիպեցին զինքը Պօլիս մեկնիլ:
Քարափին վրայ արտասուալից աչքերով բաժնուեցանք իրարմէ: Երկու ժամ ետքը, ծովախորշին մէկ անկիւնէն, ետեւէն փրփրող ակօսը ձգած շոգենաւին անհետանալը կը դիտէի, հսկայ դատարկով մը սրտիս մէջ. ― այնչափ սիրած էինք զիրար: Այդ դատարկը մասամբ լեցնելու համար իր նամակներուն սպասեցի. ― ատոնցմէ առաջինը ― որ «ճամբու նօթեր» խորագրին տակ իր իտէալ սիրոյն մէկ գեղեցիկ էջը կը պատկերացնէ, անզգալաբար անշուշտ ― կ’ընդօրինակեմ հոս կէտ առ կէտ։
- Սիրեցեալ Բարեկամս,
Քարափին վրայ, երբ բաժնուեցանք իրարմէ, երբ զիս շոգենաւ տանող նաւակը սկսաւ քիչ առ քիչ հեռանալ ծովեզերքէն, կեանքիս մէջ