ծածկէր, երկնքէն մինչև ծով: Բայց այդ մութը ոչինչ բան մը կը թուէր ինծի, բաղդատելով այն թանձր ու ճնշող խաւարին հետ, որ նաւակը մտած վայրենէս իվեր ― անկէ առաջ անհաւատալի կուգար մեկնումի գաղափարը ― կ’իջնէր սրտիս վրայ:
Քիչ մըն ալ ետքը, լոյսերը սկսան պլպլալ, վա՛րը, ծովեզերքը, խիտ, շատ քիչ ընդհատուած երկայն գիծ մը, քարափին մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը, որ այնքան ցանցառ կը դառնար որքան մօտենար դէպի վերի ծայրը քաղաքին, և հոն ալ երկինքին հետզհետէ ծլող լուսաւորներու հետ շփոթուելով կը հատնէր:
Շոգենաւը սկայն սկսաւ դառնալ դէպի բացը Միջերկրականին և լոյսերը կորսուեցան մէկիկ մէկիկ, ցամաքին երկնցած մասին ետեւէն:
Հոն, շոգենաւին ետեւի ամէնէն ծայրագոյն կէտը, ճիշտ դրոշակին տակը կեցած, վերջին լոյսին անհետանալն ալ դիտեցի…
Լմնցա՛ւ, ըսի ինքնիրենս, թերեւս յաւիտեան պիտի չտեսնեմ զայն:
Այդ վայրկեանին, կեանքը, առանց իր ներկայութեան, այնքան չնչին, այնքան անարժէք բան մը թուեցաւ ինծի, որ նոյն իսկ զայն ատելու նեղութիւնը չէր արժեր, նոյն իսկ չէի յիշեր թէ կ’ապրիմ: Գիտես բարեկամս, թէ ես որևէ բան մը չէի սպասեր իրմէ, միակ բաղձանքս, իտէալս, երազս, երջանկութիւնս կը կայանար զայն երբեմն գէթ տեսնելու և հեռուէն, հեռուէն պաշտելու մէջ: Գիտես թէ ինչ զոհողութիւններով կարող եղեր էի Իզմիր գալ հաստատուիլ, իրեն մօտ ըլլալու համար: Եւ ատիկայ, այդ պաշտումը, զինքը երբեմն