Այս էջը հաստատված է

Հետեւաբար ասիկա, իրմէ երկու քայլ անդին ծնարդրելը, շնորհներուն էն անակնկալը, էն անսպասելին էր ինծի համար:

Ինք կ’երթեւեկէր շարունակ, ջինջ աչքերովը ադամանդէ ցոլքերով ծովը կը դիտէր, անհունը կը չափէր, երկնից լուսաւորներուն հետ կը խօսէր, անձայն մտանփոփ, առանց մտքէն անցնելու թէ հոգի մը ― իր կրթած հարիւրաւոր պզտիկներուն հոգիներէն զատ, տարբեր ― նոյն պահուն յանկարծ բռնած ու դժոխքէն Եդեմ փոխադրած էր:

Երկնի լուսաւորներուն շողալը կը տեսնէի հիմա, անոնք կը փալփլէին, հանդիսաւոր անքթիթ փողփողումով մը, իրներկայութիւնը առբշռած էր կարծես զիրենք ալ ու կը շողային:

Ջուրը, սիրուն պզտիկ պղպջակներով կը փախչեր շոգենաւին երկու քովերէն կէս մութին մէջ, ուրախ ու կայտառ հիմա:

Բավական պատելէ ետքը վար իջաւ, ես ալ ստիպուեցայ աղօթատեղիս ձգել ու իր ետեւէն սրահ իջնալ:

― Դու՜ք հո՞ս, պարոն, ըսաւ, անսեթեւեթ զարմանքով մը, իր ներդաշնակ ու անուշ ձայնովը, երբ ոտնաձայնս լսելով ետին դարձաւ ու զիս տեսաւ:

Ճիգ մը ընել ստիպուեցայ, «Այո՛ Օրիորդ» կարենալ պատասխանելու համար, խօսիլը մոռացած էի կարծես:

Յետոյ ըսի թէ Պօլիս կ’երթայի և ցաւ յայտնեցի որ մեկնումս շատ անակնկալ ըլլալուն, չէի կրցեր հրաժեշտ առնել իրմէ[1]:

  1. Տիգրան հրաժեշտի չէր գացած Միս Իզապէլի՝ գիտնալով թէ, անկարելի պիտի ըլլայ իրեն բաժանումին յուզումը զսպել։