ալ առնել, իրմէ շատ աւելի մեջ զօրութիւն մը ուժաթափ կ’ընէր զինքը հոն: Կը փակէր ճամբան և ես, պատկառանքով եկիւղածութեամբ կը ծնրադրէի հոն, համբուրելու համար սեմը այն խորանին՝ որ զինքը կը պարունակէր:
Երբ արշալոյսը իր թարմ ու շիկնոտ շառագունանքը սկսաւ խառնել մութին համայնասքօղ միօրինակութեան, վեր ելայ արեւուն ծագումը դիտելու: Դէպի լեռներուն գոգը կ’երթայինք, քունէն արթնցող կայտառ փոքրիկ ալիքներուն վրայէն սահելով: Արեւելքէն, լեռներուն ետեւէն, լոյսէ աննիւթ ժապաւէններ կը ցայտէին, իրենց փողփողումին մէջ կամաց կամաց ծածկելով գիշերուան գորշ շրջազգեստը:
Հազիւ թէ արեւը սկսած էր տեսնուիլ, ան ալ վեր ելաւ սանդուղներէն, բրդէ վերարկուի մը մէջ ամփոփուած, գլուխը ծածկուած այն մուշտակի նման պերէ գլխարկով՝ որ այնքան սիրուն ներդաշնակութիւն մը կը կազմէր իր դեղձան մազերուն գոյնին հետ: Պէտք է զինքը այդ պահուն, հոն, տեսած ըլլալ, համոզուելու համար թէ նորածագ արեւը անկէ աւելի փայլուն, անկէ աւելի զմայլելի ու անկէ աւելի կեանքոտ չէ՛ր բնաւ, ընդհակառակն: Ո՛հ մանաւանդ այն հոգեթով հրապոյրը որ կը ցայտէր իր ժպիտէն ու աչքերուն բարութեան, անկեղծութեան, անբծութեան ճառագայթող նայուածքէն. այս հրապոյրը արեւներու ամբողջ հաւաքածոյ մը չէ կարող արտադրել:
― Կանո՛ւխ էք ելեր, ըսի, երբ քովս գալով բարեւեց:
― Միշտ կանուխ կ’ելլամ, պատասխանեց, երբ մանաւանդ այսպիսի տեսարան մը կայ վայելելու: